ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՒՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Իս­քէն­տէր Շա­հին­կէօզն ու իր ըն­կեր­նե­րը։ Խում­բին հետ էին նաեւ Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան եւ Տ. Զա­քար Քհնյ. Քո­փա­րեան։ Օր­թա­գիւղ­ցի­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ յա­ռա­ջի­կայ Յու­նի­սի 27-ին նա­խա­տե­սուած է հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րու հա­ւա­քի մը ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ Ծրագ­րի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն շուրջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լէ վերջ օր­թա­գիւղ­ցի­նե­րը ձեռ­նար­կի մաս­նակ­ցե­լու հրա­ւի­րե­ցին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը։ Ա­նոնք անդ­րա­դար­ձան նաեւ թա­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ եւ վար­ժա­րա­նի ներ­կայ կա­ցու­թեան։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ու­րա­խու­թիւն եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ի­րեն փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հա­մար՝ Օր­թա­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն փո­խան­ցե­լով իր օրհ­նու­թիւն­ներն ու յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թան­քը։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015