ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՕՐԸ
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Այս առթիւ վարժարանը հիւրընկալեց իր զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները, որոնք համակուած էին տօնական տրամադրութեամբ։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս 25-ամեայ եւ 40-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտները մեծարուեցան աւանդական հանդիսութեան ընթացքին։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, վարժարանի լիսէի եւ միջնակարգի բաժիններու տնօրէնուհիները՝ Թալին Մաթոսօղլու եւ Ժանէթ Ներկիզ, հիմնադրի ներկայացուցիչ Արէտ Գարապուլութ, սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Հերման Պըչաքճը եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։
Առաւօտուն Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ անդարձ բաժնուած սահակեանցիներուն հոգւոցն ի հանգիստ պաշտօնը։ Եկեղեցական արարողութենէն վերջ, շրջանաւարտները համախմբուեցան վարժարանի պարտէզին մէջ սարքուած սեղաններուն շուրջ։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ ուսուցչուհի Գարին Աքտէմիրի հանդիսավարութեամբ։ Արտայայտուեցան Թալին Մաթոսօղլու եւ Հերման Պըչաքճը։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ յաջող ելոյթներ ունեցան վարժարանի սաներէն Յարութ Աճուեան, Լինա Զէնկին, Մելինա Զէնկին եւ Տիմաս Պալճը։
Բոլոր ներկաները բաժակի պահուն բաժակ բարձրացուցին վարժարանի յարատեւութեան համար։ Յոբելեար դասարաններու սաներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ։
Յետմիջօրէին այս աւանդական հաւաքը հասաւ աւարտին, իսկ սահակեանցիները ժամադրուեցան, որպէսզի յաջորդ տարի վերստին հաւաքուին իրենց վարժարանի շրջափակէն ներս։