ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեա­կի ներ­կայ յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ կա­նանց հա­ւա­քոյթ մը։ Դպրո­ցի ննջա­րա­նի բաժ­նի պար­տէ­զին մէջ հա­մա­կիր կա­նայք հա­մախմ­բուե­ցան սե­ղան­նե­րու շուրջ՝ համ­տե­սե­լով ի­րենց հա­մար պատ­րաստուած ման­թին։ Օ­րուան հո­վա­նա­ւորն էր Սիլ­վա Կէօն­քէ­սէր, ո­րուն յու­շա­նուէր մը յանձ­նուե­ցաւ՝ ձե­ռամբ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պե­տու­հի Թա­գու­հի Կիւ­լի։ Խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան ար­տա­սա­նեց ող­ջոյ­նի խօսք մը։ Գոր­ծադ­րուե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր ու տե­ղի ու­նե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն։ Գար­նան բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու ե­ղա­նա­կին ներ­քեւ հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րը ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց։

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2017