ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Նաքքաշթեփէի «Պրիճ» ճաշարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան ի նպաստ կանանց հաւաքոյթ մը։ Դպրոցի տիկնանց յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս հաւաքին մասնակցութիւն բերին մեր զանազան թաղերէն համակիր տիկիններ։ Փոխադրամիջոցներ ապահովուած էին Շիշլիի, Պաքըրգիւղի եւ Սկիւտարի քաղաքապետարաններուն կողմէ։

Ճաշկերոյթի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Թագուհի Կիւլ։ Ան ողջունեց բոլոր ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի աջակիցներուն։

Ճաշկերոյթի ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն մը։ Մասնակիցները օգտուեցան նաեւ քէրմէսի տաղաւարէն։

Գալֆաեան Տան տիկնանց յանձնախումբին մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.

Թագուհի Կիւլ (ատենապետուհի), Թանիա Ապանալեան, Ժանէթ Չոփուրօղլու, Թալին Խաչատուրօղլու, Աղաւնի Էօզքայա, Քրիստին Տանաճեան, Սանտրին Քաջի, Ռիթա Էօզքայա, Լուսին Օսկար, Սիլվա Կէօնքէսէր, Լիտիա Էպէօղլու, Սօնա Քիւրքճիւօղլու, Անի Խաւըթերս, Մերի Պետիեան, Առլէթ Էհմալօղլու, Ալիս Տէօքմէճեան, Մարալ Քէպապճը, Արաքսի Թիւլէք, Լուիզ Ճանօղլու, Վերժին Քոշան, Գարօլին Պուլկան եւ Պայծառ Փոլատեան։

Ուրբաթ, Մայիս 25, 2018