Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. Փ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշան երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Նորին սրբազնութեան միացած էին նաեւ մեր համայնքային շրջանակներէն խումբ մը տիկիններ։ Հիւանդանոցի մէջ անոնք դիմաւորուեցան Սուրբ Փրկիչ մատրան հովիւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի եւ հոգաբարձութեան անդամներէն Գէորգ Սրկ. Ներկիզի կողմէ։ Ընդհանուր փոխանորդին կողմէ գլխաւորուած խումբը առաջնորդուեցաւ Գթութեան յարկի մնայուն բնակիչներու բաժինները։ Խումբին միացաւ նաեւ հոգեբան Անիթա Էօսմէ, որ այդ բաժանմունքներու պատասխանատուն է։ Ընդհանուր փոխանորդը եւ իր ընկերակիցները այցելեցին պատսպարեալներու բաժինը, որ վերաշինուած է հանգուցեալ Վրթանէս Սաաթճըի բարերարութեամբ։ Այս այցելութեան նպատակն էր անմխիթար չթողուլ մնայուն բնակիչները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ իր ընկերակիցները մի առ մի զրուեցին մնայուն բնակիչներուն հետ, որոնց յանձնեցին նուէրներ։ Շրջագայութեան միացաւ նաեւ տիրամայր Մարի Մութաֆեան։

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւեցին այս այցելութիւնները, որոնց աւարտին նորին սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները Սուրբ Փրկիչ մատրան մէջ կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը։ Երգուեցաւ «Տէր Ողորմեա»ն։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատրան մէջ արտասանեց հակիրճ խօսք մը, որու ընթացքին գնահատեց երէկուան շրջագայութեան մասնակիցները, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնները։ Ապա միասնաբար երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը։

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնն ալ մատրան շրջափակին մէջ թէյասեղանով մը պատուասիրեց նորին սրբազնութիւնն ու իրեն ընկերակից տիկիննեsրը։

Ուրբաթ, Մայիս 25, 2018