ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Գարակէօզեան Տան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։ Գարակէօզեանի մանկապարտէզը կը բաղկանայ ընդհանուր առմամբ երեք խմբաւորումէ։ Առաջին խմբաւորումը կը կոչուի «Ծիլ» եւ կը բաղկանայ երեք տարեկանի սահմանէ տասնինն փոքրիկներէ։ Երկրորդ խմբաւորումը կը կոչուի «Կոկոն» եւ կը բաղկանայ չորս տարեկանի սահմանէ երեսունհինգ փոքրիկներէ։ Վերջին խմբաւորումը կը կոչուի «Ծաղիկ», որ կը բաղկանայ տասնինն փոքրիկներէ։ Ուրեմն, երէկուան հանդէսի ընթացքին «Ծաղիկ» մանկապարտէզի խմբաւորման փոքրիկները գործադրեցին հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով յայտագիր մը։ Տարուան ընթացքին իրենց կողմէ տարուած աշխատանքին, կատարուած վարժանքներուն հիման վրայ անոնք ներկայացուցին պարեր, երգեր, արտասանութիւններ եւ թատերակներ։

Դպրոցի «Գարթալլըօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որուն մասնակցեցան փոքրիկներուն ընտանիքները։ Ներկայ էին նաեւ տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ եւ այլ կրթական մշակներ։

Հանդէսի աւարտին մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար հատուեցաւ կարկանդակ մը եւ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Բոլորը անոնց յաջողութիւն մաղթեցին՝ յաջորդ տարի սկսելիք առաջին դասարանին համար։

Ինչպէս ծանօթ է, Գարակէօզեանի մանկապարտէզը կը գործէ որպէս առանձին միաւորում՝ մանկարան անուանումով։

Շաբաթ, Մայիս 25, 2019