ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները նախընթաց օր հանդէսով մը եզրափակեցին ներկայ կրթական շրջանը։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ Թոփգաբուի ընտանիքին մօտ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Ներկայ գտնուեցան թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներ, ծնողաց միութեան անդամներ, կրթական մշակներ եւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն ծնողները, ընտանիքի անդամները։ Հանդէսի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, որուն յաջորդեց մանկապարտիզպանուհի Նայիրի Եափարի սրտի խօսքը։

Մանկապարտէզի փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան երգերով, արտասանութիւններով եւ այլ զանազան ելոյթներով։

Օրուան յայտագիրը պատրաստուած էր մանկապարտիզպանուհի Ռիթա Մարտինեանի, մանկապարտիզպանուհի Նայիրի Եափարի, պարուսոյց Կարին Մարտիկեանի, երաժշտութեան ուսուցչուհի Քարին Սուսմաք-Քաթրանճըօղլուի եւ անգլերէնի ուսուցչուհի Նայիրա Ալաչամի վերահսկողութեան ներքեւ։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին փոքրիկները ստացան իրենց ուսումնական կեանքի առաջին վկայականները։ Հուսկ՝ շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, որ փոքրիկներու դաստիարակութեան տեսակէտէ կարեւորեց հայկական միջավայրի մէջ ըլլալու առաւելութիւնները։

Հանդէսի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ծափողջոյններու ներքեւ հատուեցաւ փոքրիկներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։

Շաբաթ, Մայիս 25, 2019