ՏԱՏԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՈԳԵՒՈՐ ՕՐԸ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Տատեանցիներու օրուան առթիւ։ Տատեան վարժարանի համալիրէն ներս հիւրընկալուեցան զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ։ Առաւօտուն թաղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ անդարձ բաժնուած տնօրէններու, կրթական մշակներու, սաներու եւ բոլոր երախտաւորներու համար։

Նկատի ունենալով, որ համավարակի շրջանին աւանդական շրջանաւարտից օրը կազմակերպել հնարաւոր չէր եղած, այս տարի մեծարուեցան վերջին երեք տարիներու բոլոր յոբելեար դասարանները։ Յայտագիրը ունէր նաեւ գեղարուեստական բաժին մը, որ պատրաստուած էր դպրոցի պարուսոյց Նարօտ Կիւլէչի հսկողութեան ներքեւ։ Մինչեւ երեկոյեան ժամերը շրջանաւարտից օրուայ բոլոր մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց։ Յոբելեար դասարաններու սաներուն ի պատիւ հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։ Տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըի գլխաւորութեամբ բաժակ բարձրացուեցաւ դպրոցի յարատեւութեան համար։

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2022