ՌՈՆԻ ՄՈՒՐԱՏՕՂԼՈՒԻ ԾԱՓԱՀԱՐԵԼԻ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Ռոնի Մուրատօղլու կրթական կեանքէն ներս փայլուն նուաճումներ արձանագրելով՝ կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի։ Ան իր սերունդի փայլուն ներկայացուցիչներէն մին է թէ՛ ուսումնական յաջողութիւններով եւ թէ ընկերային գետնի վրայ երիտասարդական աշխուժութեամբ։

Ռոնի Մուրատօղլու 2004 թուականին ծնած է Իսթանպուլի մէջ։ Նախակրթութիւնը Եշիլգիւղի վարժարանէն ներս ստանալէ վերջ, յաջողած է մուտք գործել Սեն-Պենուա ֆրանսական լիսէն, ուրկէ այս կրթաշրջանի աւարտին վկայուած է՝ բարձր նիշերով։ Ռոնի Մուրատօղլուի յաջողութիւնը սահմանափակուած չի մնար լոկ այս հարուստ աւանդութիւններով լիսէն աւարտած ըլլալով, որովհետեւ ան այժմէն արդէն յաւակնոտ քայլ մը առած է նաեւ՝ բարձրագոյն ուսումը արտասահմանի մէջ շարունակելու ուղղութեամբ։ Այսպէս, Ռոնի Մուրատօղլու յաջորդ կրթական շրջանէն սկսեալ Ֆրանսայի մէջ պիտի ստանայ իր համալսարանական ուսումը։ Ան իրաւունք շահած է մուտք գործելու ESSEC գործարարութեան բարձրագոյն վարժարանը, որ միջազգային գետնի վրայ ամենահեղինակաւորներու շարքին կը դասուի իր նմաններու կարգին։ Սա թէեւ մասնաւոր համալսարան մըն է, սակայն, Ռոնի Մուրատօղլու իրաւունք շահած է այնտեղ կրթաթոշակով ուսանելու։ Յառաջիկայ շրջանին ան պիտի մասնագիտանայ համաշխարհային գործարարութեան կառավարման վրայ։

Ռոնի Մուրատօղլու որդին է Ռոպէր-Էրզա Մուրատօղլու ամոլին։ Բոլոր անոնք, որոնք զինքը կը ճանչնան, իր յաջողութիւնը ողջունելու եւ ծափահարելու առընթեր կը վերյիշեն նաեւ Ռոնի Մուրատօղլուի մեծ ծնողները՝ երախտաշատ կրթական մշակ լուսահոգի Հայկուհի Աճէմօղլուն եւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին ժրաջան ատենապետներէն հոգելոյս Թագւոր Աճէմօղլուն, որոնց թոռն ու արժանաւոր յաջորդն է այս արժէքաւոր երիտասարդը։

Այս ուրախ առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք սիրելի Ռոնի Մուրատօղլուն, որուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։ Նոյն առթիւ մեր ջերմ խնդակցութիւնները իր ծնողքին՝ մեր սիրելի բարեկամ Ռոպէր-Էրզա Մուրատօղլու ամոլին, նաեւ մեծ հօր՝ մեր համայնքի երէց սերունդի յարգուած արհեստաւորներէն տիար Նշան Մուրատօղլուին։

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2023