Կիրակի 16, Փետրուար 2025
ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը 2015-2016 կրթական շրջանի աւարտին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Տատեան վարժարանի այս տարուան հունձքին։ Դպրոցի 41 շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուեցաւ հանդէս մը, որու ընթացքին տղաքը շրջապատուեցան ջերմ գնահատանքով եւ ապագայ յաջողութիւններու բարեմաղթանքներով։ Տատեանի նորակարոյց համալիրի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ կազմակերպուած առաջին շրջանաւարտութեան հանդէսն էր այս մէկը։
Միւս կողմէ, ընթացաւարտներու համար հրաժեշտի ընթրիք մըն ալ կազմակերպուեցաւ Եշիլեուրտի մարզակումբին մէջ։
Շաբաթ, Յունիս 25, 2016