ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ երէց սերունդի մեր մտաւորականներէն Արամ Գամպուրեան ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Ղանդարի շուկան»։ Սա միեւնոյն ժամանակ Երեւանի Մաշտոցի պողոտայի նշանաւոր Փակ շուկայի անցեալի անունն է։

Այս նոր գիրքին մէջ Արամ Գամպուրեան քանի մը գլուխներու տակ մէկտեղած է զանազան վկայութիւններ։ Գիրքը իսկապէս ունի ճոխ բովանդակութիւն մը, որովհետեւ Արամ Գամպուրեանի կողմէ ընթերցողին ներկայացուած վկայութիւնները բազմաբնոյթ են։ Ինչպէս իր նախորդ գիրքերու պարագային, այս անգամ եւս բովանդակութեան ողնայարը կը կազմեն Արամ Գամպուրեանի զանազան ճամբորդութիւններէ ունեցած տպաւորութիւնները եւ դիտարկումները։ Ասոնց վրայ կու գան աւելնալ զանազան եղելութիւններ, դէպքեր կամ դէմքեր, որոնք հեղինակին կողմէ խոշորացոյցի տակ առնուած են՝ միջազգային մամուլի հրապարակումներու հայերէն թարգմանութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ կան նաեւ թրքահայ կեանքի վերաբերեալ դրուագներ՝ մանաւանդ մեր կրթական կեանքի կարգ մը երախտաշատ դէմքերու կտրուածքով։

Արամ Գամպուրեանի գիրքի առանձնայատկութիւններէն մին ալ պայմանաւորուած է տեսողական առարկաներով։ Արդարեւ, ան պարզ լուսանկարներ մատուցելու մօտեցումով չէ ընտրած գիրքի տեսողական առարկաները, այլեւ՝ շատ յաճախ գեղարուեստական գործեր մատուցուած են ընթերցողին։ Անոնց վրայ եկած են աւելնալ հին գծանկարներ կամ լուսանկարներ, որոնք բովանդակութիւնը ճոխացնելէ կամ տանելի դարձնելէ անդին՝ փաստավաւերագրական տարողութիւն մը վերագրած են Արամ Գամպուրեանի գիրքին։ Մարտիրոս Սարեանի, Մինաս Աւետիսեանի նման նշանաւոր հայ նկարիչներու ստեղծագործութիւնները կցուած են զանազան նիւթերու։ Անոնց վրայ կու գան աւելնալ աշխարհի զանազան քաղաքներէն տեսարաններ եւ մարդկային կեանքի յատկանշական պահեր ու տակաւին հայկական մանրանկարչութեան նմոյշներ։ Տեսողական առարկաներու շատ ճոխ ընտրանի մը գրասէրներուն կը հրամցնէ Արամ Գամպուրեան։ Թղթատելով իր նոր գիրքը առաջին հայեացքով ընթերցողը ակամայ կը մղուի այն մտածումին, թէ երանի այս գիրքի լուսանկարները գունաւոր տպուած ըլլային։

Ընթերցասէրները վստահաբար անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն Արամ Գամպուրեանի այս նոր գիրքը, որ այնքան հաղորդական ոճով, ընկալելի ձեւով գրի առնուած է։ Արամ Գամպուրեան տասնամեակներէ ի վեր Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենադպիրի պաշտօնը կը վարէ ձեռնհասօրէն։ Ինչպէս այդ պաշտօնը կը կատարէ իր մտաւորական յատկութիւններով, այնպէս ալ իր հեղինակած գիրքերով մեր մշակութային կեանքին կարեւոր նպաստ մը կը բերէ՝ նոյնպէս մտաւորական կարողութիւններով։ Ան համաշխարհային մշակոյթին մօտէն ծանօթ անձ մըն է եւ այդ համայնապատկերին վրայ կը մատուցէ նաեւ հայկականը՝ ամէն տեսակէտէ լաւագոյնս դիրքաւորելով մեր մշակութային արժէքները համամարդկային իրենց նշանակութեամբ, առանց քարոզչական տափակութեան։ Այս առումով Արամ Գամպուրեան մեծ ծառայութիւն մը կը մատուցէ, որովհետեւ մեր ժամանակներուն մէջ իսկապէս սակաւաթիւ են իր նմանները, որոնք հայկականն ու համամարդկայինը այսքան բնական ամբողջութեան մը ձեւաչափով մատուցելու, ներկայացնելու հմտութիւնը ունի։

Նոր գիրքի հրատարակութեան առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Արամ Գամպուրեանը եւ իրեն արեւշատ երկար տարիներ կը մաղթենք, որպէսզի իր մտքի լոյսէն եւ արգասիքներէն տակաւին օգտուելու հնարաւորութիւն ունենան այն ընթերցողները, որոնք հայերէնով հաղորդակցութեան հնարաւորութիւն մը ունին։  

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2020