ՑԱՒԱԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ ՄԸ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին Իտալիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային յայտնի ու համակրելի բարերար Վրթանէս Սաաթճը։ Բօթը խոր ցաւ յառաջացուցած է համայնքային շրջանակներուն մօտ։
76 տարեկան հասակին մեզմէ հրաժեշտ կ՚առնէ Վրթանէս Սաաթճը, որ բարի յիշատակ մը կը թողու իր ետին։ Կէտիկփաշայի Մեսրոպեան վարժարանին մէջ նախակրթութիւնը ստանալէ վերջ, ան աւարտած էր Կեդրոնականը։ Վրթանէս Սաաթճը 22 տարեկանին մեկնած էր Արժանթին, ուրկէ ալ անցած Փարակուայ։ Իր քոյրը՝ Մայտա Ալիս Սաաթճը բոյժ-քոյր էր։ Այդ շրջանին ան իր մօր՝ Վալանթին Սաաթճըի հետ մեկնած էր Զուիցերիա։ Վրթանէս Սաաթճըն ալ Փարակուայը լքելով հաստատուած էր նոյնպէս Զուիցերիա՝ միանալու համար իր մօր եւ քրոջ։ Գործի կեանքի մէջ ան արձանագրած էր լուրջ յաջողութիւններ, եւ ասպարէզին բերումով այցելած՝ աշխարհի բազմաթիւ երկիրները։ Ամուսնացած էր Մարիա Կրացիայի հետ։ Կեանքի մէջ արձանագրած յաջողութիւնները իրեն հնարաւորութիւն ընձեռած էին հատուցելու համար երախտագիտական պարտքը՝ ծննդավայրի բարենպատակ հաստատութիւններուն նկատմամբ։ Այսպէս, եղած էր բարերարը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի, Կեդրոնական վարժարանի եւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը պարբերաբար կ՚այցելէր Իսթանպուլ, ուր համայնքային շրջանակները կ՚ողջունէին իր ներկայութիւնը։
Վերջին տարիներուն Վրթանէս Սաաթճը կը տառապէր առողջական վերիվայրումներէ։ Դժբախտաբար, վերջին անգամ չէր կրցած մասնակցիլ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս իր բարերարութեամբ վերանորոգուած բաժանմունքներէն մէկուն պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Առողջական վերիվայրումներուն հետեւանքով՝ վերջին երկու տարիներուն նախընտրած էր հաստատուիլ Իտալիա, ուր ինքզինքը աւելի լաւ կը զգար։ Մեղք որ Վրթանէս Սաաթճըի կեանքին թելը փրթաւ՝ հակառակ անոր, որ ան տակաւին խոր ծերութեան չէր հասած։ Իր բարի բարոյականութեամբ ընկերային կեանքէ ներս համբաւ ձեռք բերած Սաաթճըի յիշատակին առջեւ համայնքային շրջանակները կը բերեն իրենց խոնարհումը։
Վրթանէս Սաաթճըի մահը զուգադիպեցաւ շատ յատկանշական օրուան մը։ Արդարեւ, շաբաթավերջին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը պաշտօնապէս տեղեկացուցած էր, թէ այսօր մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով կ՚ոգեկոչուին Վրթանէս Սաաթճըի լուսահոգի մայրն ու քոյրը։ Իսկ ան իր աչքերը կեանքին փակեց ճիշդ այն շաբաթավերջին, երբ իր մօր եւ քրոջ հոգեհանգիստը ծանուցուեցաւ։
Յառաջիկայ օրերուն Վրթանէս Սաաթճըի մարմինը պիտի բերուի Իսթանպուլ։ Իր յուղարկաւորութեան կարգադրութիւններու կազմակերպչական պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը։ Վրթանէս Սաաթճը կտակած է թաղուիլ իր քրոջ ու մօրը քով։ Անոնք ալ նոյնպէս կը ննջեն իրենց ծննդավայրին մէջ։ Յառաջիկայ օրերուն Վրթանէս Սաաթճըի անշունչ մարմինը քաղաքս պիտի բերուի եւ յուղարկաւորութեան կարգէն վերջ պիտի իրականացուի իր վերջին փափաքը։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Վրթանէս Սաաթճըի բարի հոգւոյն ու կը ցաւակցինք իր բոլոր սիրելիներուն։