ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նին մօտ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ տօ­նա­կան օր մը։ Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի եւս կա­յա­նի ե­ղա­նա­կի բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւ­նը վե­րա­ծուե­ցաւ իս­կա­կան տօ­նախմ­բու­թեան։ Կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Գնա­լըի բար­ձուն­քին հեր­թա­կան ան­գամ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան զօ­րակ­ցե­լու հա­մար Կազ­դուր­ման կա­յա­նին, որ թրքա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան ինք­նու­րոյն հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մին է՝ իր ե­զա­կի ա­ռա­քե­լու­թեամբ։

Ա­ռա­ւօ­տեան շատ կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ ար­դէն Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կէն ներս ստեղ­ծուե­ցաւ մեծ ե­ռու­զեռ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ՝ օ­րուան Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուի։

Ի ժամ Ս. Պա­տա­րա­գի Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Ան նշեց, թէ մարդ ա­րա­րա­ծը պէտք է սան­ձէ իր կամ­քը ու պէտք է գիտ­նայ գո­հա­նալ իր ու­նե­ցա­ծով։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վա­րիչ­նե­րուն հաս­ցէին շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուած բամ­բա­սանք­նե­րուն։ Ըստ ի­րեն, մար­դիկ պէտք է ներ­կա­յաց­նեն ա­պա­ցոյց­ներ, ե­թէ ու­նին, իսկ ե­թէ չու­նին՝ պէտք չէ թիւր տպա­ւո­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծեն հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րու մա­սին։

Ս. Պա­տա­րա­գին հե­տե­ւե­ցան նաեւ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի սա­նե­րը, ո­րոնք ստա­ցան Ս. Հա­ղոր­դու­թիւն։ Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ա­ւար­տին հա­սան հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով, ո­րու ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցան Կազ­դուր­ման կա­յա­նի հիմ­նա­դիր­նե­րը, սա­տա­րող­նե­րը եւ այն­տեղ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ստանձ­նած բո­լոր կրթա­կան մշակ­նե­րը։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի «Գրի­գոր Ճամ­պա­զեան» խա­ղա­վայ­րին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Ծա­նօթ է, որ այս հան­դի­սու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նար ան­ցեալ շա­բաթ, սա­կայն զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձին հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծուած մթնո­լոր­տին մէջ յե­տաձ­գուած էր։ Այս հան­գա­ման­քը թէեւ ո­րոշ չա­փով ազ­դեց մաս­նակ­ցու­թեան վրայ, սա­կայն ա­ւան­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը մնաց նոյ­նը, մա­նա­ւանդ՝ որ այս տա­րի Կազ­դուր­ման կա­յա­նը կը տօ­նախմ­բէ իր հիմ­նադ­րու­թեան  50-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։

Աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւ­նը եւս գլխա­ւո­րեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էին հո­գե­ւոր հայ­րե­րը։ Հա­ւա­քոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան Կղզեաց գա­ւա­ռա­պետ Հիք­մէթ Տեն­կէ­շիր, քա­ղա­քա­պետ Քե­մալ Այ­թաչ, ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կղզեաց մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վար Իս­մա­յիլ Հաք­քը Տուր­մուշ եւ Իս­թան­պու­լի հա­յաբ­նակ շրջան­նե­րէն տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ալ հոծ մաս­նակ­ցու­թիւն մը կար այս հան­դի­սու­թեան հա­մար։ Այս­պէս ներ­կա­նե­րու շար­քին էին Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բա­րե­րար­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ եւ հիւ­րեր։ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի Խնա­մա­տար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Ար­թին Քի­լէ­ճի եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին սե­ղան­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բուած հան­դի­սա­կան­նե­րը։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Նա­րօտ Տե­միր­ճիի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ան ար­տա­սա­նեց ող­ջոյ­նի խօսք մը, որ­մէ վերջ հրա­պա­րա­կեց Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պետ Քա­տիր Թոփ­պա­շին կող­մէ ու­ղար­կուած հե­ռա­գի­րը։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Կազ­դուր­ման կա­յա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­մար Ներ­կիզ, Ար­թին Քի­լէ­ճի եւ Նաժ­տա Շա­տեան, որ կը գլխա­ւո­րէ 50-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը։ Իր կար­գին, Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլն ալ ընդգ­ծեց, որ ան­ցեալ հինգ տաս­նա­մեակ­նե­րուն ըն­թաց­քին Կազ­դուր­ման կա­յա­նը ե­ղած է լուրջ գոր­ծօն մը՝ որ­պէս­զի գա­ւառ­նե­րէն Պո­լիս ե­կած ըն­տա­նիք­նե­րուն զա­ւակ­նե­րը հա­ղորդ դառ­նան ի­րենց մայ­րե­նիին եւ ինք­նու­թեան։ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ մատ­նան­շեց նաեւ, թէ Կազ­դուր­ման կա­յա­նը հաս­տա­տու­թիւն մըն է, որ մշտա­պէս կը վե­րա­նո­րո­գէ ինք­զին­քը։

Խնա­մա­տար մար­մի­նը յու­շա­նուէր­ներ պատ­րաս­տած էր շարք մը ե­րախ­տա­շատ ա­նուն­նե­րու հա­մար, ո­րոնք ան­ցեալ յի­սուն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ան­փո­խա­րի­նե­լի վաս­տակ ու ե­ռանդ ներդ­րած են Կազ­դուր­ման կա­յա­նին հա­մար։ Այս­պէս, յու­շա­նուէր­ներ ստա­ցան՝ Հայկ Աս­լա­նեան, Նշան Գա­րա, Միհ­րան Ու­լի­կեան, Բար­սեղ Ճան­ճի­կեան, Ազ­նիւ Մե­ծա­տու­րեան, Սա­րա Ներ­կիզ եւ Ա­զի­մէթ Ճա­մէ­քան։ Խնա­մա­տար մար­մի­նը առ ի ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն եւ գնա­հա­տանք յու­շա­նուէր մըն ալ պատ­րաս­տած էր տնօ­րէ­նու­հի Թա­մար Ներ­կի­զի հա­մար, որ վեր­ջին եօթ տա­րի­նե­րուն տի­րա­բար վա­րած է այդ պաշ­տօ­նը։ Ան այս տա­րեշր­ջա­նին իր պաշ­տօ­նը պի­տի փո­խան­ցէ, ո­րով­հե­տեւ 2016-2017 կրթա­կան շրջա­նին պի­տի ստանձ­նէ Գալ­ֆաեան տան տնօ­րէ­նու­հիի պաշ­տօ­նը։ Ուս­տի, բո­լոր ներ­կա­նե­րը ջերմ ծա­փե­րով ող­ջու­նե­ցին Թա­մար Ներ­կի­զի ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւ­նը Կազ­դուր­ման կա­յա­նէն ներս։

Հա­ւա­քոյ­թը ա­ւար­տին հա­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի խօս­քով եւ ա­ղօթ­քով։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2016