ՈՐՈ՞Ւ ՀԱՐՑՈՒՑԱԾ ԵՆ
Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան ազգապատկան տարածքի ապասեփականացման բերումով պետութեան կողմէ համայնքին փոխանցուած հատուցումը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել թրքահայութեան օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, նախկին գերեզմանատան տարածքի պարագային Ազգային կրթութեան նախարարութեան եւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ կ՚ակնկալուէին հատուցումներ։ Նախարարութեան կողմէ հատուցման գումարը արդէն ուղարկուած է։ Հիմա կը սպասուի Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ ուղարկուելիք գումարին։ Մինչ այդ, Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին, Պատրիարքարանի յարակից «Յովակիմ 1461» հիմնարկին եւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակին (VADİP) միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է՝ հատուցման գումարը արժեւորելու նպատակով յանձնախումբ մը ստեղծելու շուրջ։
Այսօր յետմիջօրէին Պատրիարքարանի մէջ տեղի կ՚ունենայ այդ նորաստեղծ յանձնախումբին առաջին ժողովը։ Միեւնոյն ժամանակ հաւաքոյթը առիթ կը հանդիսանայ, որպէսզի յանձնախումբը պաշտօնապէս ներկայացուի համայնքային շրջանակներուն։ Անդամներու անունները թէեւ վերջին օրերուն գրեթէ դարձած են հանրութեան սեփականութիւնը։ Պատրիարքարանի այսօրուն կարեւոր ժողովին ընդառաջ համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է հիմնական հարցումի մը վրայ. Ինչո՞ւ նախատեսուած շուրջ 26 միլիոն լիրային փոխարէն միայն 20 միլիոն 620 հազար լիրա կայ ներկայիս Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի դրամատան հաշիւին մէջ։ Այսինքն, Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան տարածքին վրայ աւելի վերջ կառուցուած դպրոցին համար շուրջ 26 միլիոն լիրա հատուցում վճարած է, սակայն այդ գումարին միայն 20 միլիոն 620 հազար լիրան հասած է համայնքին՝ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին միջոցաւ։ Վճարուած հատուցման եւ համայնքին հասած բաժնին միջեւ տարբերութիւնը կը հասնի շուրջ 20 տոկոսի, ինչ որ նման գործարքներու պարագային ընդունուած համեմատութիւն մը չէ, այլ շատ աւելի բարձր է։ Համայնքային շրջանակները այս կէտին վրայ կարեւորութեամբ կը ծանրանան, որովհետեւ յաջորդիւ կ՚ակնկալուի Իսթանպուլի քաղաքապետարանէն հասնելիք հատուցման գումարը եւ այդ փուլին վերաբերեալ վտանգները կամ բացթողումները այժմէն չէզոքացնելու ձգտումը ակնյայտ է։
Այս բոլորին կապակցութեամբ երէկ շօշափեցինք Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կարծիքը։ Իր տեսակէտը կարեւոր է երկու առումով։ Առաջինը՝ Պետրոս Շիրինօղլու ծով փորձառութիւն ունի այսպիսի նիւթերու մէջ՝ կալուածներու եւ անոնց հասոյթի արդիւնաւէտ ու նպատակասլաց կառավարման տեսանկիւնէն, նաեւ այդ ուղղութեամբ խմբային աշխատանքի մթնոլորտ ձեւաւորելով հանդերձ։ Երկրորդ կարեւոր հանգամանքը հետեւեալն է. Պետրոս Շիրինօղլու ներկայ տարեմուտին Անգարայի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկած էր այս հարցը։ Այսինքն, Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին ան մասնաւորապէս շօշափած էր Պէյքոզի նախկին գերեզմանատան տարածքի հատուցման գումարներուն հարցը։ Այդ տեսակցութեան ներկայ գտնուած էր նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ։ Պետրոս Շիրինօղլու Հանրապետութեան նախագահի ուշադրութեան յանձնած էր, որ փաստաբաններ շատ բարձր միջնորդավճարներ կ՚ակնկալեն եւ այդ բոլորը կ՚արդարացնեն հատուցման գումարի փոխանցման գործընթացի արագացումը։ Ի պատասխան՝ Էրտողան յայտնած էր, որ ինք պիտի հրահանգէ այդ գումարի փոխանցման արագօրէն կատարուելուն համար եւ այսպէսով համայնքը պիտի չպարտաւորուէր իրեն վիճակած միջոցներէն չափազանց զոհողութեան մը երթալու։ Էրտողան Շիրինօղլուին նկատառման յանձնած էր, որ հրապարակի պայմաններով տրամաբանական համեմատութիւնները աւելի բարձր միջնորդավճարներ պէտք չէ վճարէ մեր համայնքը։ Նոյն հաւաքոյթի ընթացքին նախագահը Ատնան Էրթէմին ալ յանձնարարած էր՝ անմիջականօրէն հետապնդել Պէյքոզի նախկին գերեզմանատան տարածքին համար վճարուելիք հատուցման ճակատագիրը։ Շիրինօղլուի մայրաքաղաքէ վերադարձին այս բոլոր մանրամասնութիւնները արձագանգ գտած էին համայնքային մամուլին մէջ։
Այս երկուքին առընթեր, կայ նաեւ երրորդ հանգամանք մը։ Շիրինօղլու խորաթափանց տեղեակ է Պէյքոզի նիւթին, որովհետեւ թաղային խորհուրդը սկիզբին համաձայնութիւն մը կնքած էր Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան հետ՝ յանձնելով գործին ամբողջ պատասխանատուութիւնը։ Աւելի վերջ թաղային խոհուրդը յետս կոչած էր այդ որոշումը ու որդեգրած այլ ճանապարհ մը։ Շիրինօղլուի անմիջական գործակիցներէն հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան եւս ծանօթ է բոլոր ծալքերուն։ «Ըստ Հերման Պալեանի, փաստաբանին հասնելիք բաժինը առ առաւելն պէտք է ըլլայ 12 տոկոս», յայտնեց Շիրինօղլու։
Այս բոլորի լոյսին տակ Պետրոս Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ մտահոգութեամբ կը հետեւի այժմու իրադարձութիւններուն։ Արդարեւ, պետութեան կողմէ վճարուած հատուցման եւ համայնքին փոխանցուած գումարին միջեւ տարբերութիւնը կը հասնի շուրջ 20 տոկոսի համեմատութեան։ Ատենապետը ընդգծեց նաեւ, որ համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ կը գտնուին զանազան լսումներ կամ շշուկներ, որոնց միջոցաւ յայտնի կը դառնան Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին եւ փաստաբան Ալի Էլպէյօղլուի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան մանրամասնութիւնները։ «Որո՞ւ հարցուցած են այսպիսի համաձայնութիւն մը կնքելու ժամանակ», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու եւ աւելցուց, որ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը պարտաւոր էր համայնքէն ներս լայնախարիսխ խոր-հըրդակցութենէ մը վերջ համաձայնագիր ստորագրելու։ Արդարեւ, իր համոզմամբ, անվիճելի է, որ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի բոլոր անդամները ազնիւ ու նուիրեալ անձեր են, սակայն անհրաժեշտ պաշարը չունին նման գործարք մը կազմակերպելու տեսակէտէ։ «Թաղային խորհուրդը փաստաբանին հետ այնպիսի բարձր ռիսքով պայմանագիր մը կնքած է, որ փառք տանք՝ գոնէ այսքան դրամ հասած է համայնքին», ըսաւ Շիրինօղլու։ Մանրամասնութիւններ փոխանցելով իր հնչեցուցած ահազանգին համար՝ Պետրոս Շիրինօղլու մատնանշեց ուրիշ էական հանգամանք մը։ Այսպէս, իր տուեալներով հատուցման գումարը ամբողջութեամբ Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ պէտք է փոխանցուէր Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ դրամատան հաշիւին վրայ ու միայն այդ փուլէն վերջ թաղային խորհուրդը պէտք է կատարէր փաստաբանի միջնորդավճարը՝ ըստ պայմանաւորուածութեան։ Մինչդեռ, թաղային խորհուրդը չափազանց մեծ ու բարձր ռիսքով համագործակցութիւն մը իրականացուցած է փաստաբանին հետ։ Այդ աստիճան, որ Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ փոխանցուած հատուցման գումարը նախ ամբողջութեամբ փոխանցուած է փաստաբանի դրամատան հաշիւին եւ ան իր շահաբաժինը ստանալէ վերջ մնացած գումարը ինք փոխանցած է Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ դրամատան հաշիւին։ «Հապա եթէ փաստաբանը չփոխանցէր այդ գումարը, համայնքը ի՞նչ ապահովութիւն ունէր», հարց կու տայ Պետրոս Շիրինօղլու։
Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեան շաբաթավերջին ԺԱՄԱՆԱԿ-ին տուած բացառիկ հարցազը-րոյցին մէջ խօսած էր փաստաբանին հետ իրենց ունեցած համաձայնութեան մասին։ Իր խօսքերով, թաղային խորհուրդը սկիզբէն նախատեսուած 20 տոկոսին փոխարէն՝ 14 տոկոսի իջեցուցած էր փաստաբանին բաժինը։ Մաղաքեան յայտնած էր, որ եթէ այս փուլին կայ որեւէ խնդիր, ապա յաջորդ փուլին այդ մէկը հաւասարակշռել հնարաւոր կրնայ ըլլալ՝ Իսթանպուլի քաղաքապետարանէն հասնելիք փոխանցման ատեն։ Այս մօտեցումը բացարձակապէս վաւերական կամ տրամաբանական չի համարուիր Պետրոս Շիրինօղլուի տեսակէտէ։ Իր համոզմամբ, երկու տարբեր կառոյցներէ հասնելիք հատուցման գումարները կ՚ենթադրեն երկու տարբեր գործարք։ Եթէ նոյնիսկ թաղային խորհուրդը փաստաբանին հետ մէկ համաձայնութիւն մը կնքած ըլլայ, ապա պարագան չի փոխուիր, որովհետեւ նոյն համաձայնութեան մէջ երկու տարբեր գործարքի շուրջ պայմանաւորուելու տրամաբանութիւնը կը գերիշխէ այնտեղ։ Հետեւաբար, Շիրինօղլուն ալ կը պահանջէ, որ այս բոլորի պարագային համոզիչ տուեալներ պէտք է մատուցուին մեր համայնքին։
Բաց աստի, Պետրոս Շիրինօղլու կարեւորութեամբ կանգ առաւ նաեւ Պէյքոզի թաղային խորհուրդին փոխանցուած հատուցման գումարի կառավարման ու տնօրինման վկայութեան շուրջ։ Իր կարծիքով, եթէ այդ գումարը թողուի դրամատան մէջ եւ տոկոսները օգտագործուի համայնքի ընթացիկ կարիքներուն համար՝ ապա ժամանակի ընթացքին այդ գումարը կը հալի ու կը հասնի փոշիացման վտանգի եզրին։ Որեւէ նիւթական միջոց ժամանակի ընթացքին գնաճի կամ արժեզրկման վը-տանգներու դէմ ապահովագրելու համար պէտք չէ ծախսել տոկոսները։ Մնաց, որ այդ տոկոսներէն կը զեղչուին կարեւոր համեմատութեամբ տուրքեր։ Ուստի, Շիրինօղլու յարմար կը դատէ, որ այդ գումարով հսկայ կալուած մը կամ կալուածներ գնուին համայնքին համար։ Արդարեւ, կալուածներու գիները ժամանակի ընթացքին ինքնաբերաբար յաւելում կ՚ունենան հրապարակի պայմաններով եւ այդպէսով աւելի մեծ ապահովութիւն մը կ՚ըլլայ գնաճի կամ արժեզրկման դէմ։ Հետեւաբար, Պէյքոզին հասած գումարներով կալուածներ գնելը եւ անոնց հասոյթով համայնքի կարիքներու դիմագրաւման նպաստելը շատ աւելի տրամաբանական եւ մայր գումարը երաշխաւորող նախընտրութիւն մըն է։
Շիրինօղլու նշեց, թէ կարեւոր, բախտորոշ առաքելութիւն մը կը վիճակի այն յանձնախումբին, որ այս գումարը պիտի տնօրինէ։ «Եթէ սա անհատական հարստութիւն մը ըլլայ, ապա որեւէ խնդիր չ՚ըլլար, իւրաքանչիւրը ըստ իր հայեացքին քայլ մը կ՚առնէ։ Հաւանական վնասէն կամ շահէն պատասխանատու կ՚ըլլայ ինքն իսկ։ Սակայն այս մէկը անձնական հարստութիւն մը չէ, սա համայնքին, ազգին հարստութիւնն է։ Հետեւաբար, համապատասխան գիտակցութիւնով պէտք է կազմակերպել ամէն ինչ ու պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ նման պարագաներու մէջ կրնան բամբասանքներ, քննադատութիւններ տարածուիլ։ Այդ բոլորը թէ՛ կրնան ջլատել յանձնախումբը եւ թէ կրնան անվստահութեան մթնոլորտ մը ստեղծել համայնքէն ներս։ Այս բոլորը պէտք է կանխուի։ Աւելի՛ն. այդ գումարները պէտք է տնօրինուին անաչառ ձեւով։ Անոնց տնօրինումը, այդ միջոցներուն համայնքին բաժնուիլը պէտք չէ վերածուի առիթի մը, որով խումբ մը մարդիկ ազդեցութեան պայքարի մտնեն համայնքէն ներս եւ փորձեն այդ գումարներու բաշխման ճանապարհով բարձրացնել իրենց հեղինակութիւնը», եզրափակեց Պետրոս Շիրինօղլու։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ