ԲԻՒՐԵՂԱՒԱՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑԻ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Բիւրեղաւանի Արուեստի դպրոցի սաներ՝  գլխաւորութեամբ իրենց առաջնորդ Վարդան Վարդանեանի եւ դպրոցի տնօրէն Նարինէ Զաքարեանի, երէկ այցելեցին Պատրիարքարան, ուր յանուն Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, ընդունուեցան լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։

Հիւրերը յայտնեցին, թէ կ՚անցնէին Իսթանպուլէն եւ այս միջոցին փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան։ Անոնք յայտնեցին, թէ պատանիները նուագածուներ էին եւ կը շարունակէին իրենց ճամբան դէպի Մակեդոնիոյ Օհրիտ քաղաքը, ապա պիտի հասնէին Հունգարիոյ Պուտափեշտ քաղաքը, ուր երկու քաղաքներուն մէջ եւս պիտի մասնակցէին երաժշտական փառատօներու։

Պատանիներն ու ղեկավարները յայտնեցին, թէ ուրախ էին, որ կը գտնուէին համայնքի հոգեւոր կեդրոնին մէջ։ Անոնք փափաքեցան ծանօթանալ Պատրիարքական Աթոռոյ եւ հայ համայնքի պատմութեան։

Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան համայնքի եւ Պատրիարքական Աթոռոյ պատմութեան մասին զանազան բացատրութիւններ փոխանցեց ու պատասխանեց ուղղուած հարցումներուն։ Հայր սուրբը շեշտեց նաեւ, թէ անոնք իբրեւ մշակոյթի դեսպաններ կը մեկնէին օտար երկիրներ եւ հայ մշակոյթի ծառայութիւնը գերադաս արժէքն էր հայ անունին։ Այդ կարգախօսով պէտք էր ընթանալ միշտ։ Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին սոյն ընդունելութեան համար։

Հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ փոխանցեց Իր օրհնութիւնները ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց առաքելութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 25, 2018