ՄԱՀ՝ ՅԱԿՈԲ ԱՐԱՊԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ յետ անողոք երկարատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է Գատըգիւղի ընտանիքի շատ սիրուած դէմքերէն Յակոբ Արապեան։ Երկար ժամանակէ ի վեր անողոք հիւանդութեան հետեւանքով բժշկական հսկողութեան տակ կը գտնուէր Յակոբ Արապեան, որուն համար ի սպաս դրուած խնամքը այլեւս մնաց անբաւարար եւ ան իր աչքերը փակեց կեանքին հիւանդանոցի մէջ։ Յակոբ Արապեանի կորուստը իսկապէս անժամանակ է, որովհետեւ տակաւին ան չէր հասած յառաջացած տարիքի, սակայն Նախախնամութեան տնօրինութիւնը իր պարագային եղաւ այդպէս։ Աւելի՛ն, այդ անժամանակ մահը վրայ հասաւ ծանր հիւանդութենէ մը վերջ, որ իր վերջին տարիները արդէն գործնականօրէն գրաւի տակ առած էր։

Յակոբ Արապեան Գատըգիւղի եւ մեր ամբողջ համայնքի նուիրեալ դէմքերէն մին էր։ Ան երկար տարիներ անսակարկ ծառայութիւն բերած էր Գատըգիւղի մեր զանազան հաստատութիւններուն։ Այսպէս, Յակոբ Արապեան բառին բուն իմաստով Արամեան սանուց միութեան սիւներէն էր։ Ըլլալով համանուն վարժարանի սաներէն, ան միութեան մէջ ստանձնած էր վարչային պատասխանատուութիւն, նաեւ գլխաւորած վարչութիւնը։ Իր ներդրումը անփոխարինելի եղած էր նաեւ միութեան 1980 թուականի զինուորական միջամտութենէն վերջ վերաբացման ժամանակահատուածին։ Ան իր ընկերներուն հետ լուրջ աշխատանք տարած էր վերակենդանացնելու համար Արամեան սանուց միութեան գործունէութիւնը։ Գատըգիւղի թաղեցիներուն մօտ համատարած յարգանք եւ համակրանք կը վայելէր Յակոբ Արապեան եւ թէ՛ իր փորձառութեամբ եւ թէ իր ունեցած վարքով արդէն ընտրուած էր նաեւ թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենադպիրը։ Յակոբ Արապեանի մահը ծանր կորուստ մը կը համարուի Գատըգիւղի ընտանիքին եւ մեր ամբողջ համայնքին տեսակէտէ։ Այս օրերուն բառին բուն իմաստով ցնցումի մէջ է Գատըգիւղի ընտանիքը, որ կը պատրաստուի արժանավայել շուքով հրաժեշտ տալ Յակոբ Արապեանին, որու յիշատակը անտարակոյս անթառամ կը մնայ թաղեցիներու յիշողութեան մէջ։

Այս տխուր առթիւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք իր մօր, այրիին, զաւակներուն, եղբօր, համայն պարագաներուն եւ Գատըգիւղի ամբողջ ընտանիքին։ Յակոբ Արապեանի յիշատակը արժանի է արդար յարգանքի եւ խոնարհման։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 25, 2018