ՇԻԿԱՀԵՐԷՆ «ՊԱՐՏԻԶԱԿ»
Կը տեղեկանանք, որ մեր մտաւորական աշխարհի երէց սերունդի տիտաններէն Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահեր կը շարունակէ իր արտադրական աշխատանքը եւ այս շրջագծով հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Պարտիզակ»։ Խմբագրութիւնս շնորհակալութեամբ ստացած է Վարդ Շիկահերի «Պարտիզակ»ը, որ կը կրէ խորհրդանշական անուն մը։ Արդարեւ, Պարտիզակը հեղինակի ընտանիքի արմատներուն առընչակից քաղաք մըն է եւ ան իր ամենահասուն շրջանի արտադրանքը նախընտրած է ամփոփել համանուն հատորի մը մէջ։
Վարդ Շիկահեր հիմնական քանի մը առանցքներու շուրջ ամփոփած է իր գրութիւնները։ «Պարտիզակ»ը կ՚ընդգրկէ զանազան բաժիններ, որոնք կը կոչուին՝ «Մեր հնաւանդ գանձարանէն», «Հռչականուն դէմքեր», «Գիրքերու հետ», «Տիպար հոգեւորականներ», «Բազմավաստակ կրթական մշակներ», «Կրթական կեանքի նուիրեալներ» եւ «Ապրումներ»։ Այս վերջին բաժինը, ըստ էութեան կ՚ընդգրկէ նաեւ բանաստեղծութիւններ, թէեւ միւս բաժիններուն մէջ ալ հեղինակը ունի նոյնպէս քանի մը բանաստեղծութիւններ։ Ամենակարեւորը՝ գիրքին անունը տուած «Պարտիզակ»ն ալ բանաստեղծութիւն մըն է, ուր հեղինակը դիպուկ արտայայտութիւններով ցոլացուցած է իր ծնողաց ծննդավայրին մասին ներաշխարհէն բխածը։
Հարկ է նշել, որ Վարդ Շիկահերի այս գիրքը լոյս տեսած է Պէյօղլու Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեանի եւ փոխ-ատենապետ Վահրամ Վարդանեանի մեկենասութեամբ։
Մեր գրասէր հասարակութեան տեսակէտէ բնականաբար հաճելի է Վարդ Շիկահերի հերթական գիրքին հետ ծանօթանալու հնարաւորութիւնը, իսկ մենք այս շարժառիթով կը մաղթենք, որ Շիկահերի գրիչը ըլլայ մշտադալար։