ՇԻՐԻՆ ՔԸՅԸՃԸ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏՈՔԹՈՐԻ ԿՈՉՄԱՆ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն Շի­րին Քը­յը­ճը յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տած է իր տոք­թո­րա­յի շրջա­նը՝ ա­տամ­նա­բու­ժա­կան կալուա­ծէն ներս։

Շի­րին Քը­յը­ճը 1982 թուա­կա­նին ծնած է Քաս­թա­մո­նուի մէջ։ Ե­րեք տա­րե­կա­նին ըն­տա­նեօք հաս­տա­տուած են Իս­թան­պուլ, ուր ան Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րանն ու Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ վերջ մուտք գոր­ծած է Իս­թան­պու­լի հա­մալ­սա­րա­նի Ճէր­րահ­փա­շա­յի բժշկա­կան ֆա­քիւլ­թէն։ Բժշկա­տար­րա­բա­նա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու բաժ­նին մօտ բարձ­րա­գոյն ուս­ման սկսե­լէ վերջ, երկ­րորդ տա­րուան հանգ­րուա­նին ան ո­րո­շած է հե­տե­ւիլ ա­տամ­նա­բու­ժու­թեան։ Կի­սատ թո­ղ­­լով իր ու­սու­մը վերս­տին մաս­նակ­ցած է հա­մալ­սա­րա­նի մտից քննու­թիւն­նե­րուն ու մուտք գոր­ծած՝ Մա­ր­­մա­րա հա­մալ­սա­րա­նի Ա­տամ­նա­բու­ժու­թեան ֆա­քիւլ­թէն։ 2001 թուա­կա­նին ձեռ­նար­կած իր ու­սու­մը ա­ւար­տած է 2007-ին։ 2011 -ին Իս­թան­պու­լի հա­մալսա­րա­նի Ա­տամ­նա­բու­ժու­թեան ֆա­քիւլ­թէէն ներս սկսած է տոք­թո­րա­կա­նի ծրագ­րին՝ փրո­թե­թիք դար­մա­նում­նե­րու գետ­նին վրայ մաս­նա­գի­տա­նա­լով։ Տոք­թո­րա­կա­նի ծրագ­րին շրջագ­ծով աշ­խա­տած է նաեւ GATA-ի Հայ­տար­փա­շա­յի հի­ւան­դա­նո­ցէն ներս՝ կզա­կի եւ դէմ­քի փրո­թէզ­նե­րու բնա­գա­ւա­ռէն ներս։ Ե­ռա­չափ տպիչ­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեամբ՝ ան կեդ­րո­նա­ցած է փրո­թէզ­նե­րու վրայ՝ այն­պի­սի պարա­գա­նե­րու հա­մար, երբ վի­րա­հա­տու­թիւ­նով դար­մա­նում­նե­րը ան­կա­րե­լի կ՚ըլ­լան։ Նոյն­պէս տոք­թո­րա­կա­նի շրջա­նին ան աշ­խա­տած է նաեւ «Ա­ճը­պա­տէմ» հի­ւան­դա­նոց­նե­րու ցան­ցէն ներս։ Վեր­ջերս տոք­թո­րա­կա­նը ա­ւար­տե­լով վկա­յա­կա­նը ստա­ցած Շի­րին Քը­յը­ճը ե­ղած է Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճա­նի սա­նե­րէն մին։

Այս առ­թիւ ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք Շի­րին Քը­յը­ճըն եւ ի­րեն կը մաղ­թենք նո­րա­նոր հո­րի­զոն­ներ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2015