ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Պատրիարքարանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ համայնքային կարեւոր ժողով մը, որուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Կը հաղորդուի, որ Համայնքային վագըֆներու հարթակի (VADİP) ելմտական յանձնախումբի անդամները եւ վարժարան մը հովանաւորող եկեղեցիներու մատակարար մարմիններուն ներկայացուցիչները մասնակցած են այս խորհրդակցութեան։
Ծանօթ է, որ 2015-2016 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ VADİP-ի զանազան յանձնախումբերը իրերայաջորդ ժողովներ կը գումարեն Պատրիարքարանի մէջ, ընդլայնուած կազմով։ Նոր շրջանի սկիզբին ընդառաջ, համայնքային վարիչները կը ջանան առաւել համակարգուած աշխատանքներ տանիլ թէ՛ մասնագիտական եւ թէ ելմտական գետիններու վրայ։