ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԿԱՐՕ ԳԱԼԷՆՏԷՐԻ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս ամառ Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած է պասքեթպոլի մրցաշարք մը, որ ձօնուած է հանգուցեալ Կարօ Գալէնտէրին։ Ինչպէս ծանօթ է, լուսահոգի Կարօ Գալէնտէր երկար տասնամեակներ երախտաշատ մասնակցութիւն բերած էր մեր մարզական կեանքին եւ ներկայիս Շիշլիի վարչութիւնը այս նախաձեռնութիւնը կատարած է զինքը ոգեկոչելու համար։

Երէկ սկսան մրցաշարքի խաղերը եւ աւարտին պիտի հասնին 27 օգոստոսին։ Մրցաշարքին մասնակցութիւն կը բերէ չորս խումբ, որոնք եղբայրական ոգիով պայքար կը մղեն եւ հանդէս կու գան յաջող խաղարկութիւնով։ Մասնակից խումբերն են՝ «Արարատ» (մարզիչ՝ Արթուն Թեքիրօղլու), «Գառնի» (մարզիչ՝ Արման Քարա), «Սեւան» (մարզիչ՝ Կարէն Չեթինքայա) եւ «Մասիս» (մարզիչ՝ Արթիւր Կիւր)։

Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներու լոյսին տակ աւարտական փուլին հանդէս գալու իրաւունք շահած են «Գառնի» եւ «Սեւան» խումբերը, որոնք պիտի ջանան ախոյենութեան բաժակը նուաճել։ Երրորդ դիրքը զբաղեցնելու համար պիտի մրցին «Արարատ» եւ «Մասիս» խումբերը։

Կը շնորհաւորենք մրցաշարքին կազմակերպիչները եւ բոլոր մասնակիցները։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2021