ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՊՈԼԻՍ ԱՅՑԵԼԵՑ

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան վերջին օրերուն այցելութիւն մը տուաւ քաղաքս։ Սա իր հերթական այցելութիւններէն մին էր։ Այսօր ան կը վերադառնայ Սուրբ Քաղաք։ Նուրհան Պատրիարքի այս անգամուան այցելութիւնը տեւեց շուրջ չորս օր։ Նորին ամենապատուութեան ընկերացաւ Սրբոց Յակոբեանց վանքի Կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան պատրիարքի կեցութեան օրերուն իջեւանեցաւ Պատրիարքարանի մէջ։ Իսկ նորին սրբազնութիւնը իջեւանեցաւ պանդոկի մը մէջ։

Նուրհան Պատրիարք անցեալ շաբաթավերջին մասնակցեցաւ պոլսահայ ընտանիքի մը զաւկի մկրտութեան արարողութեան։ Միայն այդ առիթով նորին ամենապատուութիւնը տեսակցեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Ատկէ դուրս, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը կեցութեան օրերուն Գումգաբու չայցելեց։

Երէկ, Նուրհան Պատրիարք եւ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Այս առթիւ անոնք փութացին Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի մօտ։ Պատրիարքէն հրաժեշտ առնելէ վերջ անոնք հիւրընկալուեցան նաեւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։

Ինչպէս ծանօթ է, վերջին տարիներուն Նուրհան Պատրիարք կանոնաւոր պարբերութեամբ Իսթանպուլ կ՚այցելէ՝ անցեալի մէջ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան պատկանած շարք մը կալուածներու սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու ուղղեալ աշխատանքներ յառաջ տանելու առաջադրութեամբ։ Նուրհան Պատրիարք քաղաքիս մէջ կը խորհրդակցի իրաւաբաններու հետ, որոնք կը հետապնդեն Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան Թուրքիոյ դատերը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2018