Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։

Նարլըգաբուի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը նախատեսուած է հոկտեմբերի 20-ին։ Թաղականները Պատրիարքարան փութացած էին նորին սրբազնութիւնը հրաւիրելու համար։ Զրոյցի տեւողութեան անոնք տեղեկութիւններ ալ փոխանցեցին թաղէն ներս ծաւալուած աշխատանքին շուրջ։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ուրախութիւն յայտնեց Նարլըգաբուի թաղականներու այցելութեան համար եւ իրենց փոխանցուած տեղեկութիւններուն զուգահեռ յայտնեց իր գնահատանքը։ Թաղականները հրաժեշտ առնելէ առաջ ստացան նորին սրբազնութեան օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019