ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կը շարունակէ թափով յառաջ տանիլ իր քարոզարշաւը։ Նորին սրբազնութիւնը այս ամբողջին մէջ կ՚այցելէ թաղէ թաղ։ Համայնքէն ներս այս շրջագայութիւնը առիթ կը հանդիսանայ, որ ան համախմբուի իր համակիրներուն եւ համախոհներուն հետ եւ փոխանցէ պատգամները ապագայի վերաբերեալ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան այցելեց Եշիլգիւղ։ Թաղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, «Գարեգին Բ. Պատրիարք Գազանճեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երէկուան զրոյցը։ Երեկոյթը վարեցին Սելին Օհանօղլու եւ Սայաթ Տելիճէ։ Հանդիպման սկիզբին նորին սրբազնութիւնը նախ ներկայացուց իր կենսագրութիւնը, իսկ աւելի վերջ տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի բաժինը։ Անմիջական զրոյցի տեւողութեան մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան երիտասարդութեան վերաբերեալ նիւթերը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2019