ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԷՍ

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ հան­դի­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ու­սուց­չաց օ­րուան առ­թիւ։ Ա­շա­կերտ­ներն ու դպրո­ցի ու­սուց­չա­կան կազ­մը այս առ­թիւ ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ նշե­ցին սոյն խորհրդան­շա­կան օ­րը։ Ներ­կայ էին վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կա­րա­պետ Մխա­լեան, տնօ­րէն Շա­հին Չը­նար, կրթա­կան մշակ­ներ եւ հիւ­րեր։ Տղա­քը օրուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րե­ցին ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն ի պա­տիւ՝ զա­նոնք ող­ջու­նե­լով գե­ղա­րուես­տա­կան գոր­ծե­րով։ Ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ նաեւ թա­տե­րակ մը, ո­րու դե­րա­կա­տար­ներն էին Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չու­հի­նե­րը։

Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին կրթա­կան մշակ­նե­րը պա­տուա­սի­րուե­ցան տիկ­նանց կազ­մին կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2015