ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԼԵՏԱ ՊՈՅԱՃԸԻ ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լետա Պոյաճըի «Իքի շեքերլի» գիրքի ծանօթացման երեկոյթը։ Միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս շնորհանդէսը արժանացաւ գրասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Ներկաներու շարքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Հաւաքոյթի ընթացքին ուսուցիչ Սարգիս Հեմենկիւլ զրոյց մը վարեց հեղինակին՝ Լետա Պոյաճըի հետ։ Այս վերջինը պատմեց թէ՛ իր առաջին գիրքին ոդիսականը եւ թէ արձագանգները։

Ձեռնարկի աւարտին Լետա Պոյաճը երեկոյթի մասնակիցներուն համար մակագրեց իր գիրքերը։ Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019