ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները վերջերս ընտանեկան հաւաքոյթով մը տօնախմբեցին՝ 90-ամեակի յոբելենական համերգին ժամանակ արձանագրուած յաջողութիւնը։ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ երգչախումբի անդամները համախմբուելով զիրար շնորհաւորեցին եւ լիցքաւորուեցան ապագայ նոր յաջողութիւններու ճանապարհին։ Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան բոլորը գօտեպնդեց իր արտայայտութիւններով։

Հարկ է նշել, որ Լուսաւորիչ երգչախումբը ներկայիս կը պատրաստուի մօտալուտ Ամանորի համերգի մը, որ նախատեսուած է 2 յունուար 2020-ին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019