ՍԵԴՐԱԿ ՔԻՒՐԷՃԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Լիբանանահայ ծանօթ առեւտրական Սեդրակ Քիւրէճեան, անցեալ շաբաթավերջին, այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։

Հիւրը եկած էր նորին սրբազնութեան քաղաքավարական այցելութեամբ։ Անոնք զրուցեցին ինչ ինչ հարցերու շուրջ։

Նորին սրբազնութիւնը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար  եւ յաջողութիւն մաղթեց իր գործունէութեանց մէջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019