ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՀԱՒԱՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ սարկաւագաց դասու անդամները։ Այսպէսով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շարունակեց վերջին օրերու խորհրդակցութիւններու շարքը՝ պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ զանազան հարցերուն շուրջ։ Սարկաւագաց դասու անդամները հիւրընկալելու ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Հաւաքի սկիզբին հոգեհանգստեան կարգով վերյիշուեցան նորոգ հանգուցեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշանը, Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանն ու Ս. Սեղանի հանգուցեալ սպասաւորները։ Ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ փափաքած էր վերահասու դառնալ Աթոռի սարկաւագաց դասու անդամներու դիտար-կումներուն, խնդիրներուն ու ցաւերուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ սարկաւագները ընդառաջած էին իր հրաւէրին։ Նորին Ամենապատուութիւնը առաջին հերթին անդրադարձաւ համավարակի պայմաններուն եւ յայտնեց, որ այս շրջանին մեր եկեղեցական կեանքը դժուարութիւններու դէմ յանդիման մնացած է։ Բնականաբար, այս երեւոյթը ազդեցութիւն գործած է նաեւ մեր սարկաւագներուն վրայ։ Բարեբախտաբար, ամրան շրջանէն յետոյ, պայմանները մասամբ աւելի թոյլատու դարձան եւ այսպէսով եկեղեցին պարբերաբար սկսած է գործել ըստ նախընթացի։ Այս ժամանակաշրջանին սարկաւագաց դասու անդամները եւս շարունակել սկսած են իրենց սպասարկութիւնը, ըստ նախընթացի։ Այս առումով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յատկապէս գնահատեց մեր սարկաւագները, որոնք իրենց եկեղեցիներէն ներս օրհնեալ ծառայութիւն կը մատուցեն ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն եկեղեցւոյ։

Իր պատգամին տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ սարկաւագական աստիճանի կարեւորութեան։ Ան յիշեցուց, թէ սարկաւագութիւնը եկեղեցական երեք մեծ աստիճաններուն առաջինն է։ Նոյն ամբողջին մէջ օրինակներ մէջբերելով այլ եկեղեցիներէ՝ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ բացի սպասարկութենէ, սարկաւագներ նաեւ ուսուցողական կամ վարչական պաշտօններ կը ստանձնեն։ Մեր եկեղեցւոյ մէջ սարկաւագները, ընդհանրապէս, ծիսական ծառայութիւնը կը մատուցեն։ Անոնց շարքին կան Սուրբ Գրոց սերտողութիւնները առաջնորդողներ եւ կամ վարչական պաշտօնի կոչուածներ։ Ուստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը համոզուած է, թէ սարկաւագներն ալ հոգեպէս զօրացման կարիքն ունին։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց այս շրջանակին մէջ իր նպաստը բերելու։

Հանդիպման տեւողութեան քննարկման նիւթ դարձաւ պաշտամունքի լեզուն եւ այլ լեզուներով Ս. Աւետարանի ընթերցում կատարելու պարագան։ Այս առումով օրինակներ բերուեցան սփիւռքի պայմաններէն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կարեւորեց սարկաւագներու կողմէ ներկայացուած գաղափարները։ Ան բացատրեց, որ Հայ Եկեղեցւոյ պարագային լեզուի միօրինակութիւնը միութեան խորհրդանշանն է։ Հետեւաբար, պէտք է գտնել այնպիսի եզրեր՝ որոնց շնորհիւ ոչ-հայատառ տարրը չկորսուի։ Նման քայլերը պէտք է հաւասարակշռուած ձեւով առնուին, որպէսզի միւս կողմէ ալ հայախօս տարրը չկորսուի։ Այս բոլորի լոյսին տակ Նորին Ամենապատուութիւնը կարեւորեց ժողովուրդին աւելի հասանելի դառնալու եւ այս շրջագծով կարգ ու կանոնները ուսուցանելու անհրաժեշտութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան ընդգծեց ոչ-հայախօս հաւատացեալները Ս. Պատարագի երգեցողութեան ներգրաւելու կարեւորութիւնը։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բացատրութիւններ տուաւ Ս. Ստեփանոսի մօտալուտ տօնի ծրագրին շուրջ։ Արդարեւ, այս տարուայ նախատօնակէն վերջ կը նախատեսուի սիրոյ սեղանի մը շուրջ հաւաքել սարկաւագաց ու կիսասարկաւագաց դասու անդամները։

Սարկաւագները Գումգաբուէն հրաժեշտ առին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր արձակման աղօթքով։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2021