ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱՆԱՉ ՑԱՆԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կանաչ ցանկի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Յովհաննէս Կիւլի։ Այս վերջինը այժմու թաղային խորհուրդին ալ մաս կը կազմէ եւ իր գլխաւորութեամբ յառաջիկայ շրջանին համար նոր անուններով թարմացած կազմ մը ձեւաւորուած է։ Հանդիպման ընթացքին թեկնածուները ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Թեկնածուները բացատրութիւններ տուին նաեւ իրենց մտադրութիւններուն եւ ծրագիրներուն շուրջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ջերմօրէն ողջունեց թեկնածուները եւ գնահատեց անոնց ծառայութեան պատրաստակամութիւնը՝ յղելով յաջողութեան մաղթանքներ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2022