ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ. տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքին համար շաբաթավերջին շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ քաղաքիս մէջ։ Սա այս գիրքին համար կազմակերպուած հերթական շնորհանդէս մըն էր՝ քանի ցարդ աշխարհի զանազան հայաշատ կեդրոններուն մէջ արժեւորուած է այս գործը։ Պոլսոյ ձեռնարկը հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որուն մասնակցեցան Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, հոգեւոր հայրեր եւ կոկիկ թիւով գրասէրներ։
Յայտագիրը սկսաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ողջոյնի խօսքով։ Գիրքին ու հեղինակին մասին արտայայտուեցան Տ. Եզնիկ Արքեպիսկոպոս Պետրոսեան, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ «Ակօս» շաբաթաթերթէն Բագրատ Էսդուգեան։ Էսաեան վարժարանի հայերէնի ուսուցիչներէն Նատին Պէրպէրեան եւ Արփէն Չընար բեմին վրայ կենդանի զրոյց մը ունեցան Հրայր Ճէպէճեանի հետ։
Յայտագիրը ունէր նաեւ երաժշտական բաժին մը, որու ընթացքին մեներգներով հանդէս եկան Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճու եւ Սէրճան Կազէրօղլու։ Ապա Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբն ալ քանի մը երգ ներկայացուց՝ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։ Դաշնամուրով ընկերացաւ Պարէտ Չաղլըչուպուքճու։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին յանձնուեցան շարք մը յուշանուէրներ։ Այս փուլին նախատեսուած յուշանուէրները յանձնելու հրաւիրուեցաւ Էսաեան վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհի Մարալ Էպէօղլու Սաթար, որ կարեւոր պատասխանատուութիւն ստանձնած էր երեկոյթի կազմակերպման ուղղութեամբ։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Դահլիճէն դուրս գալէն վերջ ներկաները ընդունելութեան սեղաններու շուրջ համախմբուեցան, ստեղծուեցաւ ջերմ զրոյցի մթնոլորտ՝ մինչ բոլոր ներկաները համակրանքով շրջապատեցին Հրայր Ճէպէճեանը, որ ուշ գիշերին վերջացած այս ձեռնարկէն վերջ երէկ առաւօտ հրաժեշտ առաւ քաղաքէս։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024