ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ երեկոյեան խանդավառ խրախճանք մը իրականացուց Նոր տարուան ընդառաջ։ Վարժարանի պարտէզին վրայ լարուած մեծ վրանին ներքեւ տեղի ունեցաւ այս խրախճանքը, որ կազմակերպուած էր «Բարի գալուստ 2016» կարգախօսով։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին բոլոր անդամներուն համախումբ աշխատանքով կեանքի կոչուած ծրագիր մըն էր այս մէկը։ Բացօթեայ ընդունելութեան մը ձեւաչափին մէջ հոծ մասնակցութիւն բերուեցաւ ամանորեան այս հաւաքոյթին, որու ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան։ «Ոմանք» խումբն ալ գործադրեց երաժշտական յայտագիր մը՝ խանդավառելով մթնոլորտը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Խրախճանքի տեւողութեան պարտէզին մէջ էր նաեւ Կաղանդ պապուկը, որ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ մասնաւորապէս մանուկներուն նկատմամբ։ Յառաջացած ժամերուն ներկաները շուրջպարերով ըմբոշխնեցին նոր տարի մը եւս դիմաւորելու հրճուանքը եւ հրաժեշտ առնելէ առաջ փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։