ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻՆ ԱՅՑԸ

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին պա­տուեց ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի խմբագ­րա­տու­նը։ Գե­րա­պայ­ծա­ռին կ՚ու­ղեկ­ցէր Տ. Աբ­րա­համ Ծ. Վրդ. Ֆրա­տեան։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ յայտ­նեց, թէ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի պատ­մու­թիւնն ու խորհր­դան­շած ժա­ռան­գու­թիւ­նը՝ հա­յա­պահ­պան­ման մե­րօ­րեայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դի­մագ­րաւ­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ վեր­յի­շեց թեր­թիս ըն­տա­նի­քի ան­ցեա­լի շարք մը տի­րա­կան ա­նուն­նե­րը, ո­րոնց հետ ծա­նօ­թա­նա­լու ա­ռի­թը ու­նե­ցած էր։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Գե­րա­պայ­ծա­ռը մե­զի հետ բաժ­նեց իր զա­նա­զան դի­տար­կում­նե­րը՝ թրքա­հայ ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ե­կե­ղե­ցա­կան եւ ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին կեան­քի վե­րա­բե­րեալ ան յատ­կան­շա­կան զու­գա­հե­ռա­կան­ներ ը­րաւ՝ պատ­մու­թեան ցուց­մունք­նե­րուն եւ ան­կէ քա­ղուած դա­սե­րուն լոյ­սին տակ։

Հարկ է նշել, որ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն շուրջ մէկ ամ­սուան հա­մար պի­տի բա­ցա­կա­յի քա­ղա­քէս՝ ար­տաս­հա­մա­նի մէջ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար իր ա­կա­դե­մա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ս. Զատ­կի տօ­նին նա­խոր­դե­լիք շրջա­նին ան պի­տի վե­րա­դառ­նայ Իս­թան­պուլ՝ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար իր հո­վուա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։

 

 

 

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2016