ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կը (VADİP) ե­րէկ ե­րե­կո­յեան գու­մա­րեց 2016 թուա­կա­նի ա­ռա­ջին ժո­ղո­վը։ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նիս­տը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ VADİP-ի ելմ­տա­կան, կրթա­կան եւ կա­լուա­ծոց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Ժո­ղո­վը գլխա­ւո­րեց Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու։ Որ­պէս օ­րա­կար­գի ա­ռա­ջին նիւթ ժո­ղո­վա­կան­նե­րը նկա­տի ու­նե­ցան Ելմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բին կող­մէ պատ­րաս­տուած տե­ղե­կա­գի­րը, որ կը վե­րա­բե­րէր մեր վար­ժա­րան­նե­րու պիւտ­ճէ­նե­րու ընդ­հա­նուր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն։ Տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղան կազ­մա­կեր­պած ինն հա­մայն­քա­յին դպրոց­նե­րու տուեալ­նե­րու հի­ման վրայ պատ­րաս­տուած այս տե­ղե­կա­գի­րը իս­կա­պէս ա­հա­զան­գա­յին տուեալ­ներ կը բո­վան­դա­կէր մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գին տե­սա­կէ­տէ։ Այ­սօ­րուան դրու­թեամբ, թրքա­հայ դպրոց­նե­րէն ներս մէկ դա­սա­րա­նին բա­ժին կը վի­ճա­կի շուրջ վե­ցու­կէս ա­շա­կերտ։ Ա­շա­կեր­տի մը ծախ­սը կը տար­ու­բե­րի 5 հա­զար 200 լի­րա­յի եւ 29 հա­զար լի­րա­յի սահ­ման­նե­րուն մի­ջեւ։ Այս մեծ տար­բե­րու­թիւ­նը ար­դէն կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ, թէ ներ­կայ դրու­թիւ­նը կը գոր­ծէ որ­քան ա­նար­դիւ­նա­ւէտ։ Ե­թէ եր­կու տա­րի ա­ռաջ մի­ջին հա­շուով ա­շա­կեր­տի մը ծախ­սը 6 հա­զար լի­րա էր, ա­պա այ­սօր այդ գու­մա­րը հա­սած է 13 հա­զա­րի։

Ելմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Մա­սիս Եոն­թան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով ժո­ղո­վա­կան­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նեց այն տե­ղե­կա­գի­րը, որ պատ­րաս­տուած էր այս տուեալ­նե­րու լոյ­սին տակ։ Զա­նա­զան վար­չա­յին­ներ խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան այս կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուն ալ մեկ­նա­բա­նեց այդ տե­ղե­կա­գի­րը ու շեշ­տեց, թէ դժբախ­տա­բար ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը այն­քան ալ յու­սադ­րիչ չէ։ Այ­սօ­րուան պայ­ման­նե­րով մեր վար­ժա­րան­նե­րուն եւ ա­նոնց ա­շա­կերտ­նե­րուն ա­պա­գան կը հա­մա­րուի վտան­գուած։ Ե­թէ մեր կարգ մը վար­ժա­րան­նե­րը չմիա­նան, ա­պա ե­րեք տա­րի վերջ ան­կում մը կրնայ ապրուիլ։ Շի­րի­նօղ­լու շեշ­տեց, թէ մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը դժբախ­տա­բար ան­տար­բե­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն այս­պի­սի խնդիր­նե­րու շուրջ։ Եր­կու տա­րի ա­ռաջ մեր դպրոց­նե­րու ընդ­հա­նուր պիւտճէն բաց կու տար շուրջ 10 մի­լիոն լի­րա։ Այ­սօր մեծ թա­փով

մը պիւտ­ճէի բա­ցը կ՚ա­ւել­նայ։ Ի­րենց սե­փա­կան մի­ջոց­նե­րով ինք­նա­բաւ, սի­րոյ սե­ղան կազ­մա­կեր­պե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն չզգա­ցող հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­ներն ալ կ՚օգ­տուին պե­տու­թեան կող­մէ մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար կա­տա­րուած յատ­կա­ցում­նե­րէն։ Ըստ Շի­րի­նօղ­լուի, շուրջ 2 մի­լիոն լի­րա­յի կը հաս­նի այդ գու­մա­րը, սա­կայն ար­դէն ինք­նա­բաւ դպրոց­նե­րուն վար­չա­յին­նե­րը այդ յատ­կա­ցու­մէն դժբախ­տա­բար բա­ժին դուրս չեն բե­րեր միւս կա­րի­քա­ւոր դպրոց­նե­րուն հա­մար։ «Մեր ա­պա­գան պէտք է ծրագ­րա­ւո­րենք միաս­նա­բար, հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րար­նե­րու վրայ», ը­սաւ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, թէ ան­հա­շուե­տուու­թիւ­նը եւ ինք­նագ­լուխ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հա­մա­տա­րած հի­ւան­դու­թեան մը վե­րա­ծուած է մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս։ Ներ­կա­յիս մեր դպրոց­նե­րու պա­րէ­նի ծախ­սե­րը կը հաս­նին 3 մի­լիոն լի­րա­յի սահ­մա­նին եւ նոյն­քան ծախս մը կը կա­տարուի նաեւ ա­շա­կերտ­նե­րու փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րուն հա­մար։ Այդ բո­լո­րէն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կա­րե­լի է կա­տա­րել լուրջ խնա­յո­ղու­թիւն­ներ։ «Մեր կարգ մը վար­ժա­րան­նե­րը պէտք է հրա­տապ ձե­ւով միա­նան, այ­լա­պէս առ­կայ ըն­թաց­քով բռնած ենք հա­լե­լու ճա­նա­պար­հը», շեշ­տեց Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու։

Այլ մանրամասնութիւնները կարդալ յաջորդիւ։

ՆԱԶԱՐԷԹ ԷՕԶՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ

VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին քննարկ­ման նիւթ դար­ձաւ Պօ­յա­ճը­գիւ­ղի Ս. Ե­րից Ման­կանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Նա­զա­րէթ Էօզ­սա­հա­կեա­նի կող­մէ յաչս պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րուն կա­տա­րուած դի­մու­մը, ո­րով կ՚ակն­կա­լուի մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու ամ­սա­կան­նե­րուն պե­տու­թեան կող­մէ վճա­րուի­լը։ Ծա­նօթ է, որ այս նիւ­թը շօ­շա­փուած էր նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ, Սուրբ Ծննդեան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին։ Ան քննա­դա­տած էր Նա­զա­րէթ Էօզ­սա­հա­կեա­նի այս ինք­նագ­լուխ քայ­լը, այդ ալ ա­ռանց Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի գի­տակ­ցու­թեան։

Ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ալ Նա­զա­րէթ Էօզ­սա­հա­կեա­նին հաս­ցէագ­րուե­ցան քննա­դա­տու­թիւն­ներ։ Ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու եւ ա­տե­նադ­պիր Յա­րու­թիւն Շան­լը նշե­ցին, թէ ա­ռանց Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հա­ւա­նու­թեան եւ ա­ռանց VADİP-ի գի­տակ­ցու­թեան նման դի­մու­մի մը կա­տա­րուած ըլ­լա­լը ճիշդ չեն հա­մա­րեր եւ անյարիր՝ համայնքի ներ-դաշնակութեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2016