ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ՀԻՒՐԵՐ՝ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆՆ ՄԷՋ

Ֆա­թի­հի քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դա­մու­հի­նե­րէն Ճա­հի­տէ Ահ­մէ­տօղ­լու նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լեց Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նը։ Ճա­հի­տէ Ահ­մէ­տօղ­լու ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Ֆա­թի­հի մաս­նա­ճիւ­ղի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու միա­ւո­րը կը գլխա­ւո­րէ։ Ի­րեն կ՚ու­ղեկ­ցէին Այ­կիւլ Կիւ­լէր եւ Ար­փի­նէ Չիզ­մէ­ճեան։

Հիւ­րե­րը շրջայց մը կա­տա­րե­ցին վար­ժա­րա­նէն ներս, տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ։ Ա­նոնք ծա­նօ­թա­ցան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ։ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նէն ներս հիւ­րե­րը տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­ցին նաեւ հաս­տա­տու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան ու կա­րիք­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։

 

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2016