ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Գալֆաեան Տան մէջ Բարեկենդանի առթիւ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ մեծ հրճուանքի։ Տղաքը բարձր տրամադրութիւնով մասնակցեցան այս հանդէսին, որմէ առաջ ուսուցիչները իրենց տեղեկութիւններ փոխանցած էին նաեւ Ս. Վարդանանց տօնի մասին։ Դպրոցի սրահին մէջ գործադրուեցաւ օրուան յայտագիրը, որու ընթացքին Գալֆաեանի սաները հանդէս եկան երգերով, պարերով։ Մրցումներ ալ նախատեսուած էին անոնց համար։

Բարեկենդանի խանդավառութիւնը միասնաբար ըմբոշխնելէ վերջ, դպրոցի ընտանիքը համախմբուեցաւ ճաշասեղաններու շուրջ։ ըքը

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2020