ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵՐԵՒՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին խրախճանք մը տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առթիւ։ Առաւօտուն հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից՝ Կոմիտաս դպրաց դաս-երգչախումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս խրախճանքը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Հրանդ Քարահան հաւաքոյթի ընթացքին գործադրեց երաժշտական յայտագիր։ Պարուսոյց Յակոբ Արի Կիւլէչի կողմէ գլխաւորուած «Աւանդական» պարախումբն ալ մասնակցութիւն բերաւ օրուան ծրագրին։ Թէ՛ երէցներ եւ թէ փոքրիկներ խրախճանքի համապատասխան հանդերձանքով լիուլի ըմբոշխնեցին օրուան ուրախութիւնը։

Գուրուչէշմէի մէջ աւանդական դարձած այս խրախճանքի մասնակիցները իրարմէ հրաժեշտ առին՝ մեծպահոց շրջանին համար փոխանակելով բարեմաղթանքներ։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2020