ԱՄՆ-Ի ԴԵՍՊԱՆ ՖԼԷՅՔԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէֆ Ֆլէյքն ու կողակիցը։ Դեսպանին ուղեկցեցան Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Տարիա Տերնըլ եւ դեսպանութեան քաղաքական խորհրդական Քեւըն Մոզ։

Ֆլէյք, որ այս օրերուն կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ, այս կեցութեան ընձեռած առիթէն օգտուելով փափաքած էր այցելել Պատրիարքարան՝ ծանօթանալու համար թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին ու անոր հոգեւոր կեդրոնի գործունէութեան։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ամերիկացի դիւանագէտին զանազան տեղեկութիւններ փոխանցեց մեր համայնքային կեանքին, Պատրիարքարան Աթոռի գործունէութեան եւ ընդհանրապէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մասին։ Զրոյցի աւարտին փոխանակուեցան յուշանուէրներ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ամերիկացի դիւանագէտներուն ուղեկցեցաւ նաեւ դէպի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի։ 

Շաբաթ, Փետրուար 26, 2022