ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՕԾՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ մեր հոգեւորականաց դասէն անդամներ։ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցիէն ալ ներկայացուցիչ մը մասնակցեցան օծումին։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէ յուշանուէր մը յանձնեց յայտնի նկարիչ ու քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանին, որ շատ մեծ վաստակ ներդրած էր նորոգութեան շրջանին սրբապատկերներու խնամքին համար։ 

Շաբաթ, Փետրուար 26, 2022