ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԵՒ ՈԳԵՒՈՐ

Յայտնի մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեանի ջանքերով կազմակերպուած համերգաշարը շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին։ Հայաստանէն սոփրանօ Տիանա Յարութիւնեանի եւ դաշնակահարուհի Մարգարիտ Սարգսեանի հետ պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեան քաղաքիս մէջ հանդէս եկաւ երեք համերգով։ Համայնքային շրջանակի մէջ նախատեսուած առաջին երկու համերգէն վերջ, երրորդը շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ։ Սա արդէն Իսթանպուլի ֆիլարմոնիի միութեան նախաձեռնութիւնն էր, որ պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։

Արթիւր Պաղտասարեան, Տիանա Յարութիւնեան եւ Մարգարիտ Սարգսեան հերթական անգամ հմայեցին երաժշտասէրները։ Անոնք խոր տպաւորութիւն գործեցին ունկնդիրներուն վրայ, որոնք ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին զիրենք։ Վճարովի տոմսերով, լեցուն դահլիճի պայմաններով տեղի ունեցած համերգը արդարացաւ բոլոր առումներով։

Ընդհանուր առմամբ, Արթիւր Պաղտասարեանի կազմակերպած այս համերգաշարը դարձաւ անմոռանալի եւ առանձնացաւ ստեղծած ոգեւորութեամբ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2024