ԶԱՔԱՐԻԱ ՄԻԼՏԱՆՕՂԼՈՒ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ
Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ նախընթաց օր հիւրընկալուեցաւ ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլու, որ անդրադարձաւ երբեմնի հայաբնակ գաւառներու այժմու մշակութային հետքերուն։ Այս շրջագծով ան խօսեցաւ երբեմնի սրբավայրերուն, բարենպատակ հաստատութիւններուն եւ այլ կառոյցներուն շուրջ։ Միլտանօղլու աշակերտներուն ցոյց տուաւ նաեւ զանազան քարտէսներ եւ իր շրջագայութիւններուն ընթացքին նկարահանուած տեսագրութիւններ։
Այս առաջին ձեռնարկէն վերջ, Զաքարիա Միլտանօղլու երկրորդ բանախօսութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ Գարակէօզեան Տան մէջ։ Այս անգամ ան խօսեցաւ հայոց քրիստոնէացման, հայ գիրերու գիւտին, հայոց մօտ տպագրութեան եւ մամուլի հիմնադրութեան շուրջ։
Երկու ելոյթներու աւարտին ալ ատենախօսը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։