Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Առ մեզ ագիր. զի ընդ երեկս է եւ տարաժամեալ է օրս» (Ղուկաս, 24.29)

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ

Գո­հու­թիւն եւ փառք Ա­մե­նա­կա­լին Աս­տու­ծոյ, որ Քրիս­տո­սի Սուրբ Յա­րու­թեան հրեշ­տա­կա­ւանդ ա­ւե­տի­սը այս տա­րի եւս ըն­կա­լե­ցինք հո­գե­ւոր ցնծու­թեամբ։

Այս ան­զու­գա­կան ա­ւե­տի­սը կու գայ վե­րա­թար­մաց­նել մեր հո­գե­ւոր կեան­քը, որ ա­ւե­լի քան եր­բեք կա­րիքն ու­նի մե­րօ­րեայ աշ­խար­հի հո­գե­մաշ եւ հո­գե­կոր­ծան հո­սանք­նե­րուն դի­մադ­րե­լու հա­մար։ Յա­րու­ցեալ Քրիս­տոս, իր կեն­սու­րախ ներ­կա­յու­թեամ­բը մեր կեան­քի պաշտ­պա­նու­թեան ան­կոր­ծան պա­րիս­պը ըլ­լա­լու ա­ռըն­թեր, օրհ­նու­թիւն է, նման՝ ո­ռո­գիչ գե­տե­րու ո­րոնք կը կեն­սա­ւո­րեն հեր­կեալ եւ սեր­մա­նեալ ար­տե­րը, ար­տա­բե­րե­լու հա­մար «ա­տոք ցո­րե­նը հաս­կին մէջ» (Մար­կոս, 4.28)։

 Յա­րու­ցեալ Քրիս­տո­սի պա­րապ թո­ղած վի­մա­փոր գե­րեզ­մա­նը ինք­նին սքան­չե­լի քա­րոզ մըն է, ո­րով կը յայ­տա­րա­րուի, թէ «ող­ջը կա­րե­լի չէ ո­րո­նել մե­ռեալ­նե­րու մէջ»։ Ք­րիս­տոս, մարմ­նա­ցումն է Հօր Աս­տու­ծոյ ա­րար­չա­գործ Խօս­քին։ Հե­տե­ւե­լով Յով­հան­նէս աս­տուա­ծա­բան ա­ւե­տա­րա­նի­չի բա­ռե­րուն, կը հա­ւա­տանք, թէ «Կեան­քը Ա­նով էր եւ կեան­քը լոյս էր մար­դոց եւ լոյ­սը կը լու­սա­ւո­րէ խա­ւա­րին մէջ, եւ խա­ւա­րը չճանչ­ցաւ զայն» (Յով­հ. 1.1-5)։ Բ­նա­կա­նա­բար, Ան, որ, նոյ­նինքն կեան­քի ակն էր, պի­տի չմնար գե­րեզ­մա­նի մը մէջ։ Ա­րա­րիչ Աս­տու­ծոյ Խօս­քը, որ հա­ճած էր բնա­կիլ մար­դոց մի­ջեւ, մեղ­քին ու աշ­խար­հի իշ­խա­նին՝ սա­տա­նա­յին յաղ­թած ըլ­լա­լով, ջնջեց ա­նէծ­քի դա­տա­պար­տու­թիւ­նը եւ նոր ճար­տա­րա­պե­տու­թեամբ եր­կի­րը եր­կին­քի վե­րա­ծեց։ Փառք Աս­տու­ծոյ, որ ար­ժա­նա­ցած ենք այս աս­տուա­ծա­պար­գեւ շնորհ­քին եւ ու­նինք յոյ­սը յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի եր­ջան­կու­թեան, լցեալ՝ սի­րով ու հա­ւատ­քով։

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ

Ս. Ա­ւե­տա­րա­նը վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ մե­զի, ո­րով կրնանք հաս­տատ հա­մո­զում գո­յաց­նել, թէ Քրիս­տոս ար­դա­րեւ յա­րու­թիւն ա­ռած է։ Քրիս­տո­սի յետ յա­րու­թեան փա­ռա­ւո­րեալ մարմ­նով զա­նա­զան ե­րե­ւում­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը իր յա­տուկ պատգա­մը ու­նի մե­րօ­րեայ մարդ­կու­թեան, որ եր­բեմն տա­րուե­լով խա­փու­սիկ ու սա­տա­նա­յա­կան հո­սանք­նե­րէն, տկար հա­ւատ­քով եւ կամ բո­լո­րո­վին ան­հա­ւա­տու­թեամբ կը մօ­տե­նայ Սուրբ Յա­րու­թեան կեն­սա­պար­գեւ սքան­չե­լի դէպ­քին եւ ճշմար­տու­թեան։

Յա­րու­թեան ա­ւե­տա­բեր հրեշ­տա­կը կը յի­շեց­նէր ը­սե­լով. «­Յի­շե­ցէք թէ ինչ­պէս խօ­սե­ցաւ ան ձե­զի, երբ Գա­լի­լիա կը գտնուէր։ Կ­՚ը­սէր թէ պէտք է մար­դու Որ­դին մե­ղա­ւոր մար­դոց ձեռ­քը մատ­նուի, խա­չուի եւ եր­րորդ օ­րը յա­րու­թիւն առ­նէ» (Ղու­կաս, 24.6-7)։

Քրիս­տո­սի մատ­նու­թիւ­նը, չար­չա­րանք­նե­րը, դա­տա­վա­րու­թիւ­նը, խա­չե­լու­թիւ­նը եւ թա­ղու­մը ան­նա­խա­դէպ պա­տա­հար­ներ էին, ո­րոնց պատ­ճա­ռաւ Ե­րու­սա­ղէ­մը ի­րա­րան­ցու­մի մատ­նուած էր, ի տես այդ բո­լո­րին։ Ո­մանց ու­րա­խու­թիւն, ո­մանց տխրու­թիւն, ո­մանց ալ զար­մանք առ­թող պա­տա­հար­նե­րու մա­սին տար­բեր հա­մո­զում­նե­րու տէր մար­դիկ ի­րա­րու մի­ջեւ կը խօ­սէին։ Ե­րու­սա­ղէ­մէն դէ­պի Էմ­մա­ւուս ճա­նա­պար­հը եւս թատր հան­դի­սա­ցաւ նման խօ­սակ­ցու­թեան մը։ Եր­կու հո­գի­ներ, մեր­ձա­ւոր­ներ Քրիս­տո­սի, կը վի­ճէին ի­րա­րու հետ, թեր ու դէմ կար­ծիք­ներ կը յայտ­նէին։ Ի­րենց վի­ճա­բա­նու­թեան կի­զա­կէտն էր Յի­սուս Քրիս­տոս, որ յա­նակն­կալս կը յայտ­նուի ի­րենց մի­ջեւ։ Սա­կայն վի­ճա­բա­նու­թեամբ տա­րուած­ներ չեն կրնար ճանչ­նալ յա­րու­ցեալ Քրիս­տո­սը, ո­րուն խա­ղա­ղա­ւէտ քա­րո­զու­թեանց ա­կան­ջա­լուր ե­ղած էին։ Քրիս­տոս պարզ հար­ցու­մով մը մի­ջա­մուխ կ­՚ըլ­լայ խօ­սակ­ցու­թեան։ Կը հե­տաքրք­րուի, թէ ի՞նչ բա­նի մա­սին կը վի­ճէին ի­րա­րու հետ եւ մա­նա­ւանդ ի՞նչ էր պատ­ճա­ռը ի­րենց տխրու­թեան։ Քրիս­տո­սի ա­ռա­քեալ­նե­րը ան­ցեա­լին նոյ­նան­ման հար­ցու­մի մը հետ դէմ յան­դի­ման մնա­ցած էին, երբ կը վի­ճէին, թէ ո՞վ պի­տի ըլ­լար ի­րենց­մէ մե­ծը, ի­րենց վար­դա­պե­տին մա­հէն յե­տոյ։ Ա­նոնք ա­մօթ­խա­ծու­թեամբ չէին հա­մար­ձա­կած պա­տաս­խա­նել Աս­տուա­ծոր­դիին։ Սա­կայն Էմ­մա­ւու­սի ճա­նա­պար­հորդ­նե­րը ու­նե­ցան հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը, ի­րենց Խօ­սա­կի­ցին հա­ղոր­դե­լու Ե­րու­սա­ղէ­մի դէպ­քե­րը։ Ի­րենց ար­տա­յայ­տու­թեան մէջ զգա­լի էր ցա­ւը, թէ որ­պէս Մե­սիա ճանչ­ցուած մէ­կը ինչ­պէ՞ս կրնար տկա­րա­ցած ըլ­լալ եւ խա­չուիլ։ Ցա­ւին ա­ռըն­թեր զգա­լի էր նաեւ ի­րենց զար­ման­քը, լսած ըլ­լա­լով պա­րապ գե­րեզ­մա­նին մա­սին ե­ղած վկա­յու­թիւն­նե­րը։ Հոս կը լսուի յա­րու­ցեալ Քրիս­տո­սի քա­րո­զու­թիւ­նը, որ վեր­յի­շե­ցումն էր մա­հուան եւ յա­րու­թեան մա­սին իր եր­կու կան­խա­սա­ցու­թիւն­նե­րուն. «Մար­դու Որ­դին պէտք է շատ չար­չա­րանք­ներ կրէ, ա­նար­գուի ե­րէց­նե­րէն եւ քա­հա­նա­յա­պետ­նե­րէն եւ դպիր­նե­րէն, մեռ­նի եւ եր­րորդ օ­րը յա­րու­թիւն առ­նէ» (Մար­կոս, 8.31, 9.29)։ Ք­րիս­տոս՝ «կա­տա­րումն օ­րի­նաց եւ մար­գա­րէից», իր վեր­յի­շե­ցում­նե­րուն կը յա­ւե­լու նաեւ Մով­սէ­սի եւ բո­լոր մար­գա­րէ­նե­րու մար­գա­րէու­թիւն­նե­րը ի մա­սին Ե­րու­սա­ղէ­մի դէպ­քե­րուն։ Յա­րու­ցեալ Քրիս­տո­սի ճա­նա­պար­հոր­դակ­ցու­թեամբ երբ կը հաս­նին Էմ­մա­ւուս, ի­րենց խօս­քը կ­՚ըլ­լայ «Մեր մօտ գի­շե­րէ, ո­րով­հե­տեւ ի­րի­կուն է եւ օ­րը տա­րա­ժա­մած»։ Փր­կի­չը սե­ղա­նա­կից կ­՚ըլ­լայ ի­րենց եւ հա­ցի բե­կան­ման պա­հուն կը բա­ցուին եր­կու ան­ձե­րու աչ­քե­րը եւ կ­՚անդ­րա­դառ­նան, թէ ո­րո՞ւ հետ քա­լած էին։

Քրիս­տո­սի Սուրբ Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սով նո­րո­գուած հա­ւա­տա­ցեալ­ներ խո­րա­պէս հա­մո­զուած են, թէ ի­րենց երկ­րա­ւոր կեան­քը սահ­մա­նա­փա­կուած է շնոր­հաց պար­գե­ւո­ղին պար­գե­ւած օ­րե­րուն չա­փո­վը եւ այդ կեան­քը՝ ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւն մը, ո­րով կը պատ­րաս­տուին յա­ւի­տե­նա­կա­նին։ Այդ ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան ըն­թաց­քին վստահ են, թէ Քրիս­տոս կը հե­տե­ւի ի­րենց ա­մէն քայ­լա­փո­խին։ Յի­րա­ւի, յու­սա­խա­բ-ւած, յու­սա­հա­տու­թեան մատ­նուած մար­դուն կեան­քէն ներս կա­րե­ւո­րու­թիւն կը զգե­նու Յա­րու­ցեալ Փրկչին ներ­կա­յու­թիւ­նը։ Ե­թէ կ­՚ու­զենք ձեր­բա­զա­տուիլ այդ յու­սա­հատ վի­ճա­կէն եւ մեր վրա­յէն թօ­թա­փել անս­տու­գու­թեան ծանր բե­ռը, մե­զի հա­մար մէկ մի­ջոց կայ, Հրա­ւի­րել Քրիս­տո­սը որ­պէս­զի բնա­կի մեր մէջ, Իր Խօս­քով եւ պատուա­կան Մարմ­նոյն եւ Ա­րեան հա­ղոր­դու­թեամբ։ Որ­քան տա­րօ­րի­նակ է աշ­խար­հը։ Քրիս­տոս տա­կա­ւին աշ­խարհ չե­կած, Սուրբ Կոյս Մա­րիամ եւ խօ­սե­ցեա­լը Յով­սէփ ա­խո­ռի մը յար­կին տակ ա­պաս­տա­նած էին. «ո­րով­հե­տեւ ի­ջե­ւա­նին մէջ ի­րենց հա­մար տեղ չկար» (Ղու­կաս, 2.7)։ Սա­կայն Աս­տուա­ծա­յին նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը այն­պէս մը տնօ­րի­նած է, թէ յա­րու­ցեալ Քրիս­տո­սը մե­զի հետ կ­՚ըլ­լայ մեր տկա­րու­թեանց բուժ­ման, մեր հա­ւատ­քի ամ­րապնդ­ման հա­մար։ Գա­լի­լիոյ ծո­վա­կի ա­լե­կո­ծու­թեան պա­հուն ա­ռա­քեալ­ներ ա­կան­ջա­լուր ե­ղած էին Քրիս­տո­սի «Ես եմ մի վախ­նաք» սրտապն­դիչ խօս­քե­րուն։ Ե­րէկ, այ­սօր եւ յա­ւի­տեան նոյն Քրիստ­ո­սը պատ­րաստ է բնա­կե­լու մեր կեան­քէն ներս, սե­ղա­նա­կից դառ­նա­լու մե­զի եւ մխի­թա­րե­լու Իր տե­ղին յի­շե­ցում­նե­րով, փա­րա­տե­լու մեր տրտմու­թիւն­նե­րը, ցա­ւե­րը, ան­բաղ­ձա­լի երկմ­տու­թիւն­նե­րը, թե­րա­հա­ւա­տու­թիւ­նը, ան­տար­բե­րու­թիւ­նը, նիւ­թա­պաշ­տու­թիւ­նը, շատ ան­գամ մեր որ­դեգ­րած աշ­խար­հա­սէր կեան­քը եւ ե­սա­կեդ­րոն կեանք մը վա­րե­լու սխալ սկզբուն­քը։ Բաւ է, որ հրա­ւէր ուղ­ղենք Ի­րեն։ Լսենք Սուրբ Գիր­քի բա­ռե­րուն, ո­րոնց­մէ կ­՚ար­տա­ցո­լան հո­գե­ւոր եւ բա­րո­յա­կան զար­թօն­քի, աշ­խար­հի խա­ւա­րէն հե­ռա­նա­լու հրա­ւէր մը եւ յոյս՝ առ Քրիս­տոս. «Արթն­ցիր, դուն որ կը ննջես, եւ կանգ­նէ մե­ռել­նե­րէն, ու Քրիս­տոս պի­տի լու­սա­ւո­րէ քեզ» (Ե­փե­սա­ցիս, 5.14)։

Մեծ Պա­հոց ա­պաշ­խա­րու­թեան շրջա­նին կա­տա­րուած Ա­րե­ւա­գա­լի Ժա­մեր­գու­թեանց ըն­թաց­քին տե­ւա­պէս եր­գե­ցինք. «­Ճա­նա­պարհ, Ճշմար­տու­թիւն եւ Կեանք, Քրիս­տոս. ա­ռաջ­նոր­դէ մեր հո­գի­նե­րը, որ­պէս­զի երկ­րէն եր­կինք ել­լեն։ Կեանք մտնե­լու Դու­ռը, Յի­սուս, մեզ եւս Հօր եւ Հո­գիին քով մտցուր, որ­պէս­զի միշտ փառք եր­գենք»։ Ս. Ա­ւե­տա­րա­նի ու­սու­ցում­նե­րէն բղխած այս հո­գե­ւոր եր­գը թող իր կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը պա­հէ նաեւ Ս. Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րին եւս եւ իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը ա­լիք ա­լիք տա­րա­ծուին նաեւ յե­տա­գայ օ­րե­րուն։

Ինչ­պէս միշտ, Քրիս­տո­սի Ս. Յա­րու­թեան այս տա­ղա­ւա­րին եւս հա­ւատ­քով, յոյ­սով եւ սի­րով կը շա­րու­նա­կենք ա­ղօ­թել մեր սի­րե­լի Հո­գե­ւոր Պե­տին՝ Ն. Ա. Տ. Մես­րոպ Բ. Ս. Պատ­րիար­քին հա­մար։ Վստահ ենք, որ իբ­րեւ նշան հա­ւատ­քի միու­թեան հա­ւա­տա­ցեալ­ներ եւս կու գան միա­նալ մե­զի, ա­պա­ւի­նե­լով ա­ղօթ­քի զօ­րակ­ցու­թեան։ Կը շա­րու­նա­կենք ա­ղօ­թել նաեւ հա­րե­ւան՝ Սու­րիա­հայ եւ Ի­րա­քա­հայ հա­մայնք­նե­րու մեր եղ­բայր­նե­րուն ու քոյ­րե­րուն, ինչ­պէս նաեւ նոյն երկ­րի բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար, ա­ռանց ցե­ղի, կրօն­քի եւ դա­ւա­նան­քի խտրու­թեան։

Ս. Յա­րու­թեան լոյ­սով լու­սա­ւո­րուած ապ­րինք Զատ­կա­կան ու­րա­խու­թիւ­նը, գօ­տեպն­դուինք ի­րա­րու եւ զի­րար ող­ջու­նենք ա­ւան­դա­կան ա­ւե­տի­սը տա­րա­ծե­լով.

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ

ՕՐՀ­ՆԵԱԼ Է ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՍԻ

Քրիս­տո­սի հրա­շա­փառ Ս. Յա­րու­թեան Տա­ղա­ւա­րին ա­ռի­թով կը շնոր­հա­ւո­րենք Ա­ռա­քե­լա­կան Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր զա­ւակ­ներն անխ­տիր, եւ քրիս­տո­սա­ւանդ ջեր­մա­գին սի­րով կ­ÿող­ջու­նենք մեր Հո­գե­ւո­րա­կան Դա­սու ան­դամ­նե­րը, Սրբա­զան Ե­պիս­կո­պոսն ու Միա­բան Հայ­րե­րը, Քա­հա­նա­յից Դա­սը, Գալ­ֆա­յեան Ուխ­տի Քոյ­րը, Սար­կա­ւա­գաց եւ Դպրաց Դա­սե­րը, Գաղ­թա­կա­նաց Օ­ժան­դակ Յանձ­նա­խում­բը, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի Տնտե­սա­կան Խոր­հուր­դի, Տիկ­նանց եւ Ե­րի­տա­սար­դաց կազ­մե­րու ան­դամ­նե­րը, Գոր­ծա­ծուած Հա­գուստ­նե­րու եւ Կա­հո­յից Ար­ժե­ւոր­ման Յանձ­նա­խում­բը, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին Հի­ւան­դա­նո­ցի Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը, Բժշկա­պե­տու­թիւ­նը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժ­քոյ­րե­րը, Հա­մայն­քա­յին Հաս­տա­տու­թեանց Խնա­մա­կա­լու­թիւն­նե­րը, Թա­ղա­յին Խոր­հուրդ­նե­րը, Տիկ­նանց Յանձ­նա­խում­բե­րը, մեր հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու Հիմ­նա­դիր­նե­րը, Տնօ­րէն­նե­րը, Հո­գա­բար­ձու­թիւն­նե­րը, Ու­սուց­չաց Դա­սը, Աղ­քա­տախ­նամ Մար­մին­նե­րը, Սա­նուց Միու­թիւն­նե­րը եւ բո­լոր մար­դա­սի­րա­կան եւ մշա­կու­թա­յին մար­մին­նե­րը, Հայ Մամ­լոյ Խմբա­գիր­նե­րը եւ ողջ Անձ­նա­կազ­մը, բա­րե­սի­րա­կան եւ կրթա­կան հաս­տա­տու­թեանց սա­տա­րող ազ­նիւ բա­րե­րար­նե­րը, հա­մայն հա­ւա­տա­ցեալ եւ սի­րե­ցեալ մեր ժո­ղո­վուր­դը մաղ­թե­լով բո­լո­րին եր­ջա­նիկ Ս. Զատկուան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն, ինչ­պէս նաեւ ե­կե­ղե­ցա­շէն, կրթա­նուէր եւ բա­րե­սէր գոր­ծու­նէու­թեանց լիա­կա­տար յա­ջո­ղու­թիւն։

Յա­տուկ օրհ­նու­թեամբ կ՚ող­ջու­նենք եւ կը շնոր­հա­ւո­րենք Կրե­տէի Հայ հա­մայն­քը։

Ս. Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րին ա­ռի­թով կը շա­րու­նա­կենք ա­ղօ­թել վասն բա­րօ­րու­թեան եւ ան­սա­սա­նու­թեան Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միած­նի։ Մեր որ­դիա­կան ակ­նա­ծան­քը կը յղենք Նո­րին Սրբու­թիւն Տ. Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին։ Կը հայ­ցենք Նո­րին Սրբու­թեան եւ Մայր Ա­թո­ռի ողջ միա­բա­նու­թեան ա­ղօթք­նե­րը Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թիւն Տ. Մես­րոպ Ս. Պատ­րիարք Հօր ա­ռող­ջու­թեան հա­մար։

Ի Քրիս­տոս սի­րով կը շնոր­հա­ւո­րենք Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Նո­րին Սրբու­թիւն Տ. Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թիւն Տ. Նուր­հան Պատ­րիար­քը, հան­դերձ ի­րենց միա­բա­նա­կից վա­նա­կան հայ­րե­րով, նաեւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր ա­ռա­քե­լա­գործ վի­ճա­կա­ւոր­նե­րը, հան­դերձ ի­րենց հո­գե­ւո­րա­կան դա­սե­րով վստահ ըլ­լա­լով, թէ բո­լո­րը ա­ղօ­թա­կից են մե­զի։

Այս առ­թիւ ի Քրիս­տոս սի­րով ող­ջու­նե­լով, Ս. Յա­րու­թեան Տա­ղա­ւա­րի մեր շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը յղենք նաեւ բո­լոր քոյր Քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն, հո­վիւ­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն՝ գլխա­ւո­րա­բար Հայ Կա­թո­ղի­կէ եւ Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն։

Սի­րոյ ջեր­մա­գին ող­ջոյն­ներ կ՚ա­ռա­քենք Սփիւռ­քի տա­րած­քին գտնուող Պոլ­սա­հայ, Սուրբ Խաչ Դպրե­վանք, Կեդ­րո­նա­կան, Է­սա­յեան, Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան­նե­րու Միու­թիւն­նե­րուն եւ ար­տա­սահ­մա­նի բա­րե­պաշտ եւ ե­կե­ղե­ցա­նուէր մեր ժո­ղո­վուր­դին, ո­րոնք սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ կը փոր­ձեն պա­հել մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, միան­գա­մայն հո­գե­ւոր եւ տոհ­միկ կապ պա­հե­լով ի­րենց ծննդա­վայ­րին հետ։

Շնորհք, սէր եւ աս­տուա­ծա­յին սրբա­րար զօ­րու­թիւնն Հօր եւ Որդ­ւոյ եւ Հոգ­ւոյն Սրբոյ ե­ղի­ցի ընդ մեզ. Ա­մէն։

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ

ՕՐՀ­ՆԵԱԼ Է ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՍԻ

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016