ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի առթիւ հանդէս մը, որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէն եւ Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, ինչպէս նաեւ վարժարանի մատակարար մարմնէն ներկայացուցիչներ, տնօրէնուհիները, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Վարժարանի աշակերտները իրենց յաջող ելոյթներով արժանացան բոլորի ջերմ ծափահարութիւններուն։ Շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը։ Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեանն ալ արտասանեց սրտի խօսքը՝ բոլորին շնորհաւորութիւններ յղելով Ս. Զատկի առթիւ։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին վարժարանի ծնողաց միութեան կողմէ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլոր ներկաները ջերմ մթնոլորտի մէջ զրուցեցին իրարու հետ, փոխանակեցին բարեմաղթանքներ եւ տօնական օրերուն առթիւ իրենց գուրգուրանքին եւ գնահատանքին առարկայ դարձուցին դպրոցի սաները։

Երեքշաբթի, Մարտ 26, 2024