ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Երէկ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի տօնակատարութիւն։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ այս առթիւ սարքուեցաւ տօնական ճաշկերոյթ մը, որուն մասնակցեցան մնայուն բնակիչներն ու ամբողջ անձնակազմը։ Սեղանը գլխաւորեց Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան, որ շնորհաւորութիւններ ու ջերմ բարեմաղթանքներ յղեց Ս. Յարութեան տօնին առթիւ։ Ճաշասեղաններու շուրջ տեղի ունեցան աւանդական հաւկթամարտեր եւ երաժշտութեան նուագներու մթնոլորտին մէջ բոլորը իրարու հետ բաժնեցին տօնական ուրախութիւնը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019