ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐԸ ԽՕՍԵՑԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

Ս. Զատկի տօնին առթիւ, երէկ, համայնքային հաստատութիւններու տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները այցելեցին Պատրիարքարան։ Տօնական շրջանին այս աւանդական այցելութիւնով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները հիւրընկալուեցան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ տիրամայր Մարի Մութաֆեան։

Թէ՛ Ընդհանուր փոխանորդը եւ թէ Կրօնական ժողովի ատենապետը ընդունելութեան ընթացքին անդրադարձան պատրիարքական ընտրութեան։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի գումարուի Կրօնական ժողովը եւ աւելի վերջ դիմում պիտի կատարուի Իսթանպուլի կուսակալութեան եւ այսպէսով պատկան իշխանութիւններէն հասնելիք պատասխանին հիման վրայ պիտի սկսի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը։ Նորին սրբազնութիւնը յորդորեց, որ մեր համայնքը պաղարիւն ըլլայ այս գործընթացին մէջ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մէջբերեց Ս. Զատկի ընդունելութեան ընթացքին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ օգտագործուած բանաձեւումը, թէ նոր պատրիարք մը պէտք է շահինք՝ առանց կորսնցնելու մեր սրբազանները։ «Ով որ պատրիարք ընտրուի, պէտք է յարգանք ցոյց տանք իրեն նկատմամբ։ Երբոր օրը հասնի, պիտի ընտրէք ով որ կ՚ուզէք, պիտի քուէարկէք ձեր նախընտրելիին համար։ Բայց եւ այնպէս, այս ընտրութեան համար իրարու հետ կռիւի մի՛ բռնուիք եւ զիրար մի՛ անարգէք։ Հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքն ալ շատ նեղութիւններ կրած էր նման երեւոյթներու բերումով։ Եթէ դուք պաղարիւն մնաք, ապա մենք՝ կրօնաւորներս մեր միջեւ կը լուծենք առկայ հարցերը», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Իր կարգին, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ յայտնեց, որ մեր համայնքը նոր շրջանի մը սեմին կը գտնուի եւ պէտք է Մեսրոպ Պատրիարքի կողմէ ցանուած հունտերը հասունացուին։ «Մեր հոգելոյս պատրիարքը կը փափաքէր, որ հայ համայնքը ըլլայ միասնութեան մէջ։ Ան կ՚ուզէր, որ մենք զիրար սիրենք եւ կ՚ուզէր, որ մեր համայնքը շահի մեր այն քոյրերն ու եղբայրները, որոնք հեռու են եկեղեցիէն։ Տգիտութիւնը եւ անտեղեակութիւնը ծնունդ կու տան ամէն տեսակ ժխտական երեւոյթի։ Մեր հասարակութենէն պէտք է վանենք բամբասանքն ու վիրաւորանքը։ Մենք մեր հոգելոյս պատրիարքի յիշատակը յարգելու համար պէտք է տեւականացնենք անոր փափաքները։ Մեր զաւակները պէտք է խօսին մեր մայրենին։ Ինքն ալ այս պատճառով շարունակ կրթական մշակներու հետ ժողովներ կ՚ընէր։ Շատ կը հաւատար անոնց առաքելութեան կարեւորութեան։ Միշտ ճիգ կը վատնէր մեր համայնքին համար եւ սերունդէ սերունդ պիտի ապրի մեր սրտերուն մէջ», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը։

Աւելի վերջ, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան մատնանշեց, որ մեր համայնքի մեծագոյն խնդիրն է կեդրոնական իշխանութիւն մը չունենալը։ «Քիչ մըն ալ հարցը դիտարկենք դրական երեսակով։ Ունինք 33 եկեղեցի եւ բոլորն ալ բաց են։ Ունինք 3 հազար աշակերտ։ Այս երկրի ամենաբազմանդամ փոքրամասնական հաւաքականութիւնը կը հանդիսանանք։ Այս բոլորը շատ կարեւոր են։ Անպայման տեսնենք մեր պակասները, սակայն մտածենք դրական, լուծում արտադրենք։ Հայկական միտքին եւ հանճարին հաւատանք», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Ընդունելութեան տեւողութեան Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ յիշեցուց, որ Պատրիարքական Աթոռը իրականութեան մէջ փշոտ աթոռ մըն է։ Արդարեւ, Աթոռի գահակալը պէտք է կողմնորոշուի հակադիր հաւասարակշռութիւններու միջեւ։ «Ըստ մեր աւանդութիւններուն, պատրիարքական ընտրութեան մէջ գերակշիռ խօսքը կը վիճակի աշխարհականներուն։ Հետեւաբար, ընտրական գործընթացին մէջ պէտք չէ առաջնորդուիլ զիրար մրոտելու մտածումով։ Անձ մը պատրիարք պիտի ընտրուի եւ մենք զինքը պիտի յարգենք։ Մենք եղբայր ենք, մեր միջեւ խնդիր մը չկայ։ Մեր աշխարհը քաղաքական աշխարհ մը չէ, մենք պէտք է հաւատք ներմուծենք մարդոց», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019