ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը կեան­քի կո­չե­ցին պա­րի եւ ե­րաժշ­տու­թեան փա­ռա­տօն մը։ Ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլգ­գան» սրա­հին մէջ։ Ներ­կայ էին թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն եւ Թոփ­գա­բուի յա­րա­կից մար­մին­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ա­շա­կերտ­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Տղա­քը գնա­հա­տե­լի յա­ջո­ղու­թեամբ գոր­ծադ­րե­ցին փա­ռա­տօ­նի բազ­մա­կող­մա­նի յայ­տա­գի­րը։ Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին շնոր­հա­ւո­րա­կան խօսք մը ար­տա­սա­նեց տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեան։ Ա­շա­կերտ­նե­րուն ա­ռըն­թեր ան իր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց նաեւ ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Քա­րին Քաթ­րան­ճըօղ­լուի եւ պա­րի ու­սու­ցիչ Կա­րին Մար­տի­կեա­նի հա­մար։ 

Ուրբաթ, Մայիս 26, 2017