ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՊՏՈՅՏԸ
Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը երէկ կազմակերպեց իր տարեկան աւանդական գարնան պտոյտը։ Թէ՛ պաշտօնի գլուխ գտնուող եւ թէ հանգստեան կոչուած կրթական մշակներուն համար նախատեսուած էր այս պտոյտը, որուն մասնակցեցան բազմատասնեակ կրթական գործիչներ։ Էմիրկեանի «Պէյազ» ապարանքին մէջ համախմբուեցան պտոյտին մասնակիցները։ Ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Թագուհի Հալաճեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մէջ հիւրասիրեցին պտոյտին բոլոր մասնակիցները, որոնց համար ապահովուած էր մասնաւոր փոխադրամիջոց։
Մեր կրթական մշակները օրուան տեւողութեան ունեցան հաճելի ժամանց։ Անոնք ըմբոշխնեցին թէ՛ բնութեան գեղեցկութիւնը եւ թէ Վոսփորի գեղատեսիլ միջավային մէջ իրարու հետ զրուցելու հաճոյքը։