«ԱՐՓԻ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ՝ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

«Արփի» թատերախումբը երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս թատերախումբը 23 տարի վերջ վերակենդանացուցած է իր աշխատանքը՝ բոլորովին նոր սերունդով մը։ Բեմադրիչ Շահին Էրկիւնէյի մականին ներքեւ «Արփի» թատերախումբը ներկայիս կը բեմադրէ Երուանդ Օտեանի նշանաւոր «Չարշըլը Արթին աղա»ն։ Այս զաւեշտը բառին բուն իմաստով դասական մըն է հայկական թատրոնին տեսակէտէ եւ «Արփի» թատերախումբն ալ այդ մէկը կը ներկայացնէ նոր եռանդով, նոր շունչով մը։ Բեմադրիչի օգնականն է Սարօ Սիրականեան։

«Արփի» թատերախումբի վերստեղծումէն վերջ ձեռնարկած աշխատանքին զուգահեռ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած ներկայացումը կը համարուէր կալա մը։ Ձեռնարկը պատուեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Ներկայ էին նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները, Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան եւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն բազմաթիւ դէմքեր։

Թատերախումբը իսկապէս յաջողութեամբ բեմադրեց «Չարշըլը Արթին աղա»ն, որու աւարտին հանդիսատեսները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին արդիւնքը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յուշանուէր մը յանձնեց բեմադրիչ Շահին Էրկիւնէյին։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ալ յանձնեցին յուշանուէրներ։

Ձեռնարկի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլորը առիթն ունեցան շնորհաւորելու «Արփի» թատերախումբի անդամները։

«Արփի» թատերախումբին մաս կը կազմեն հետեւեալ դերասանները.

Սեւան Նիզամեան, Նաթալի Թուրաչ, Սեսիլ Գահվէճիօղլու, Սարօ Սիրականեան, Սեւան Փիոսեան, Սարօ Պէնկլեան, Արեգ Իփէքլի, Կարպիս Շիմշէք, Սէրտար Գահվէճիօղլու, Արթօ Նալճը, Արէտ Ունճեան եւ Օգսէն Մերտէնեան։  

  

Շաբաթ, Մայիս 26, 2018