ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒԸՆԿԱԼԵՑ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։ Ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի գլխաւորութեամբ թաղականները ներկայացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն հետեւանքով ուշացած այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր գործակից ընկերները Նորին Ամենապատուութեան բացատրութիւններ տուին Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ եւ Տատեան վարժարանի այժմու կացութեան, ինչպէս նաեւ թաղային խորհուրդի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններուն շուրջ։

Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց թաղականներուն այցելութիւնը եւ ընդգծեց, որ Պաքըրգիւղ համայնքային կեանքէն ներս կարեւոր նշանակութիւն ունի՝ որպէս հայաշատ թաղ, նաեւ իբր այդ Պատրիարքական Աթոռին ալ առանձնայատուկ վերաբերմունքին առարկայ կը դառնայ։ Թաղականներու տեղեկութիւնները լսելէ վերջ, Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան  տուաւ իր օրհնութիւնները եւ յաջողութեան բարեմաղթանքներ յղեց Պաքըրգիւղի ընտանիքին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 26, 2021