Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
Թ. ԱԼՃԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ
Փոքրամասնական վագըֆներու ներկայացուցիչ Տոց. Տքթ. Թորոս Ալճան երէկ կատարեց գրաւոր յայտարարութիւն մը՝ խստօրէն դատապարտելով Կարսի Գորշ գայլերու միութեան ատենապետ Թոլկա Ատըկիւզէլի կողմէ հայերու դէմ արտասանուած անարգական նախադասութիւնները, որոնք կը պարունակէին նաեւ սպառնալիքներ։ Թորոս Ալճանի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ թէեւ Ատըկիւզէլ իր կատարած յայտարարութիւններէն մէկ մասը աւելի ետք հերքած է, սակայն իր խօսքերը ընդհանրապէս կը պարունակեն ատելութեան յանցագործութեան տարրեր՝ յոյս յայտնելով որ իր այս մօտեցումը ունի անձնական բնոյթ եւ չի վերաբերիր իր ներկայացուցած կազմակերպութեան։
Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015