ԽՆԴՐԱԳԻՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ
Թրքահայութեան օրակարգը զբաղեցնող գլխաւոր հարցը վերջին քանի մը տարիներէ ի վեր կայ ու կը մնայ պատրիարքական ընտրութեան հարցը։ Թուրքիոյ Հայոց Մեսրոպ Բ. Պատրիարքին ենթարկուած անբուժելի հիւանդութեան հետեւանքով ստեղծուած դժուարին կացութիւնը գրեթէ անելի մը մատնուած է 2010-էն ի վեր, երբ աթոռակից պատրիարքի ու գահակալ պատրիարքի երկու դիմումնագրեր յղուած էին պետական պատկան մարմիններուն, երկու տարբեր համայնքային կառոյցներու՝ Կրօնական Ժողովին եւ Ընտրողական նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ։ Հակասական այս երկու դիմումնագրերու առկայութեան պատկան մարմինները առաջարկած էին այլընտրանքային այլ ճանապարհ մը՝ ընտրել տալով պատրիարքական փոխանորդ մը, որ ցարդ կը ղեկավարէ թրքահայութիւնը։ Անկասկած նման կարգավիճակով ղեկավարում մը ինչքան որ ալ առժամեայ երեւի, բոլորովին խաղաղ ու հանգիստ մթնոլորտ մը չի թելադրեր համայնքին՝ վերջինս մշտապէս թողլով վերջնական լուծում մը գտնելու հարկադրանքին, հետեւաբար լարումին մէջ։
Պատրիարքական առկախ այս դրութեան վերջնական լուծում մը տալու նպատակով Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին, ժամը 15.30-ին, ուղեկցութեամբ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, այցելեց Իսթանպուլի կուսակալ Վասիպ Շահինին եւ պաշտօնապէս ներկայացուց պատրիարքական ընտրութիւն կատարելու խնդրագիրը։
Պատրիարքարանի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ եւս նշուած է, որ 2010-ին աթոռակից պատրիարքի ընտրութիւն կատարելու համար ներկայացուած էր դիմում մը եւ յառաջացած զարգացումներուն իբրեւ հետեւանք կատարուած՝ ընդհանուր փոխանորդի ընտրութիւն։
Վերջին ամիսներուն համայնքի ղեկավար մարմինները վճռական քայլի մը ակնկալութիւնը ունէին, նման նախաձեռնութեան ոգի մը կը թելադրէին հոգեւոր վերին իշխանութեան։ Երեսփոխանական ընտրութիւնները, ապա նաեւ կառավարութիւն կազմելու գործընթացները սակայն իբր պատճառաբանութիւն յառաջ բերուելով անընդհատ կը ձգձգուէր դիմումնագրի ներկայացումը։ Պատրիարքարանէ հասած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Սրբազան Հայրը նկատի ունենալով համայնքի անդամներուն փափաքը, այս դիմումով խնդրած է պարտին ու պատշաճին տնօրինումը մեր աւանդական ընկալեալ սովորութեանց եւ կանոններու համաձայն պատրիարքական ընտրութիւն մը կատարելու համար։